Հայաստան Եւ Ատրպէյճան Առաջին Անգամն Ըլլալով Որոշ Փոխըմբռնման Հասած Են Արցախի Հակամարտութեան Գծով. Մամետեարով

Աշխարհ, Հայաստան

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, մեկնաբանելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ Միլանի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումը՝ 18 Դեկտեմբերին յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան երկար ժամանակէ ի վեր առաջին անգամն ըլլալով կրցած են որոշ փոխըմբռնման գալ Արցախի հակամարտութեան գծով։ Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, նշած է ատրպէյճանական «Trend» լրատու գործակալութիւնը։

Մամետեարով այս հաստատումը կատարած է Պաքուի մէջ տեղի ունեցած երկրին դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն նուիրուած ընդունելութեան ընթացքին:

«Մենք պիտի փնտռենք հակամարտութեան լուծման ուղիներ, իսկ Ատրպէյճան կողմ է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման»,- աւելցուցած է Մամետեարով՝ նշելով, որ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին հանդիպում մը եւս պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ:

Մամտեարով նաեւ շեշտած է, որ Արցախի տագնապին լուծումը 2019-ին պիտի  շարունակէ մնալ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական հարցը:

«Հիմնական նպատակն է հասնիլ շօշափելի արդիւնքներու։ Այս, կը կարծեմ, ոչ միայն իմ, այլ նաեւ իւրաքանչիւր ատրպէյճանցիի երազն է»,- եզրակացուցած է Մամետեարով: