Category: Աշխարհ
Փորթուկալի Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան խորհրդական Պետօ Տէմիրճեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին միջոցով կը տեղեկացնէ, որ 2019ի Ապրիլ 26ին Փորթուկալի խորհրդարանը բանաձեւ ընդունած է՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Չինական Ընկերութիւնը Հայաստանի Գիւղերէն Մէկուն Մէջ 3-4 Միլիոն Տոլար Ներդրումով Ջուրերու Գործարան Պիտի Կառուցէ
Չինական «Նիւ Իդա» ընկերութիւնը Լոռիի Կաթնաղբիւր գիւղին մէջ 60 աշխատատեղ ունեցող ջուրերու գործարան պիտի կառուցէ: Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ այս մասին ըսած է «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» միջազգային երկրորդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Չինաստան […]
Փայլան` Էրտողանին. «104 Տարի Անցաւ, Բայց Մտածելակերպը Նոյնն է»
Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Ապրիլ 24-ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութեան, ուր ան նշած էր, թէ հայերու աքսորը 1915-ին ամենաողջամիտ քայլը կրնար […]
«Գողգոթան… Որ Իբրեւ Գարուն Ծաղկեցաւ» Խորագիրով Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ` Մաարապի Մէջ
Երէկ` Հինգշաբթի, 25 Ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի, Լիբանանեան ուժերու գլխաւոր կեդրոնատեղիին` Մաարապի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչական ձեռնարկ` «Գողգոթան… […]
Յունաստանի ΕΡΤ Պետական Հեռատեսիլը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին
Չորեքշաբթի՝ 24 Ապրիլի կէսօրին, Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին առթիւ, յունական ΕΡΤ պետական հեռատեսիլի կայանը, իր կէսօրուան «Ωρα Ελλάδος» յայտագրէն հիւրընկալեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ ընկ. Քերոբ Էքիզեանը։ Յայտագրի ընդարձակ զրոյցի ընթացքին, […]
Յունաստանի Մարզպետական, Քաղաքապետական ու Զինուորական Բարձրագոյն Ղեկավարութեանց Ներկայութեամբ Յատկանշուեցաւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ Տարելիցի Ոգեկոչումը Թեսաղոնիկէի Մէջ
Թեսաղոնիկէի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցի քաղաքական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի՝ 21 Ապրիլ 2019ին, «Վելիտիս» սրահէն ներս, Կեդրոնական Մակեդոնիոյ մարզպետարանի եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի համակազմակերպութեամբ, սրահը ծայրէ ծայր լեցուցած […]
Ատրպէյճանը Բողոքի Գիր Յղած է Ուրուկուէյին
Արժանթինի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը բողոքի գիր յղած է Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը` վկայակոչելով Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամուլի ծառայութեան յղումը: Բողոքի գիրը կապուած է այն բանի հետ, […]
Բողոքի Պահանջատիրական Ցոյցեր Դէպի Աթէնքի Թրքական Դեսպանատուն եւ Թեսաղոնիկէի Թրքական Հիւպատոսարան
Հայ երիտասարդութիւնը ուժեղ ու պահանջատէր Աթէնքի ու Թեսաղոնիկէի մէջ, երէկ Չորեքշաբթի 24 Ապրիլ 2019-ին, հայութիւնը համախմբուեցաւ ու վճռակամ իր ներկայութիւնը պարտադրեց, բողոքի պահանջատիրական ցոյցեր իրագործելով դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն եւ […]
Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Պահանջատիրութեան Քայլարշաւը Կայացաւ Օթթաուայի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2019-ին Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք եւ քայլարշաւ, մասնակցութեամբ Թորոնթոյէն, Գեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն եւ այլ վայրերէ աւելի քան 1000 հայորդիներու: Գանատայի […]
Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանին Մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ոգեկոչման Ձեռնարկ
Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ, Ապրիլ 22-ին, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման պաշտօնական ձեռնարկ՝ Քալիֆորնիոյ հայկական օրէնսդրական խումբին նախաձեռնութեամբ: ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկին […]










