Մեծ Պայթիւն՝ Թուրք-սուրիական Սահմանին

Յուլիս 7-ին, թուրք-սուրիական սահմանին գտնուող Հաթա նահանգի Ռղյհանլը շրջանին մէջ պայթաց է պայթուցիկով բեռնուած մեքենայ մը։ Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ պայթումին հետեւանքով զոհուած է 3 սուրիացի։ Դէպքին առնչութեամբ սկսած է հետաքննութիւն: Արդէն կայ […]

Վարչապետ Փաշինեան Պաշտօնական Այցով Ժամանած է Սինկափուր, Հանդիպած Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն (լուսանկարներ)

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ, Սինկափուրի Հանրապետութեան վարչապետ Լի Սիեն Լոնկի հրաւէրով, Յուլիս 7–ին, պաշտօնական այցով ժամանած է Սինկափուր։ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան […]

Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպում Ունեցած Է Վիեթնամի Ազգային Ժողովի Նախագահին Հետ

Յուլիս 6-ի առաւօտեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Վիեթնամի Ազգային ժողովի նախագահ Նկույեն Թխի Քիմ Նկանի հետ: Վերջինս բարձր գնահատած է վարչապետի պաշտօնական այցելութիւնը Վիեթնամ եւ նշած, որ անիկա […]

Թոմարզայի Հայկական Եկեղեցին Աւերման Եզրին է

Թուրքիոյ Կեսարիա նահանգի Թոմարզա գաւառին մէջ գտնուող հայկական պատմական Սբ Պօղոս–Պետրոս եկեղեցւոյ տանիքը աստիճանաբար ճաքեր կու տայ եւ կը փլի, իսկ եկեղեցւոյ սիւներուն ծեփերը կը թափին: Թոմարզայի մշակութային միութեան նախկին նախագահ Հասան Կիւրպիւզը կը նշէ, որ եկեղեցին աւերման եզրին է: «Մեր մեծագոյն ցանկութիւնն է, որ անհետացած որմնագիրներով այս եկեղեցին վերանորոգուի եւ ծառայէ զբօսաշրջութեան»,- ըսած է ան: Թոմարզայի շուկայի կեդրոնը գտնուող հայկական եկեղեցին կառուցուած է 1837-ին: […]

Քալիֆորնիոյ Նահանգապետը Ստորագրեց Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ծրագիրին 5 Միլիոն Տոլար Տրամադրող Ամավարկը

 Հայ-ամերիկեան թանգարանը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի կողմէ ստորագրուած 2019-2020 նահանգային ամավարկին մէջ տեղ գտած է նաեւ թանրագանին 5 միլիոն տոլար յատկացնելու պայմանը, որուն շնորհիւ ցարդ թանգարանին կատարուած […]

Գիւմրին ու Կլենտէյլը Պիտի Խորացնեն Համագործակցութիւնը

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանն ու ԱՄՆ Քալիֆորնիոյ  Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան այսօր քննարկած են Հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Մեդիամաքս»-ը։ Նախագահ Սարգսեան Արա Նաճարեանին առաջարկած է խորացնել քոյր […]

Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան Թեհրանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Իրանի Նախագահին Հետ

Իրանի նախագահ Հասան Ռոուհանին ընդունեց ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ իրանական Mehr գործակալութիւնը: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են շարք մը հարցեր, ներառեալ` երկկողմ կապերը […]

Նիկոլ Փաշինեան Պաշտօնական Այցերով Վիեթնամ եւ Սինկափուր Պիտի Մեկնի

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, տիկնոջ` Աննա Յակոբեանի հետ, Յուլիս 4-6, պաշտօնական այցով պիտի մեկնի Վիեթնամի Սոցիալիստական Հանրապետութիւն: Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, այցին ընթացքին […]

Արցախի Իրաւանց Պաշտպանը Ամերիկայի Հայ Իրաւաբանական Միութեան Համաժողովին Անդրադարձաւ Արցախի Բնակիչներու Իրաւունքներու Խախտումներուն

Արցախի Հանրապետութեան մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան 29 Յունիսին, Լոս Անճելըսի մէջ մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու Հայ իրաւաբաններու միութեան 30րդ տարեկան համաժողովին՝ ելոյթ ունենալով «Արցախի բնակիչներու իրաւունքներու խախտումներու եւ սահմանափակութիւններու արտաքին […]

Արցախի Նախագահը Հանդիպում Ունեցաւ «Սթարքի» Լսողական Սարքեր Արտադրող Ամերիկեան Բարեսիրական Ընկերութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 29-ին, Ստեփանակերտի կեդրոնական մարզադաշտին մէջ մասնակցած է ամերիկեան հանրայայտ «Սթարքի» ընկերութեան կողմէ լսողական դժուարութիւններ ունեցող Արցախի քաղաքացիներուն ժամանակակից լսողական սարքերու տրամադրման արարողութեան: Նոյն օրը […]