Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է Նիւ Սաութ Ուէյլզ Նահանգի Վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեանը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Յուլիս 18-ին, հիւրընկալած է յատուկ այցելութեամբ Հայաստան գտնուող` Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Կլատիս  Պերեճիքլեանը:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ նախագահը ողջունած է Պերեճիքլեանի այցելութիւնը հայրենիք եւ բարձր գնահատած անոր  գործունէութիւնը յանուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի:

Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանը տակաւին 1997 թուականին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ ընդունած է:

Կլատիս Պերեճիքլեան ըսած է, թէ ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածի թոռնուհի եւ այցելելով Հայաստան` հպարտ է իր հայկական ծագումով եւ արմատներով: Ան յոյս յայտնած է, որ իւրաքանչիւր յաջորդ այցելութեան Հայաստանը տեսնէ աւելի զարգացած:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգի` Նիւ Սաութ Ուէյլզի միջեւ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներու շուրջ, խօսած նաեւ աւստրալահայ համայնքի եւ անոր ունեցած դերակատարութեան մասին: