Մարտինի Մէջ Հռոմէական 3-հազարամեայ Բերդը Որպէս Ախոռ Կ՛օգտագործուի

Աշխարհ, Էրկիր

Այժմեան Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքին գտնուող Մարդին նահանգի Մազըտաղը գաւառին ենթակայ Գիւմիւշեուվա գիւղի 3-հազարամեայ Տերմեթինա բերդը տեղի բնակիչներուն կողմէ կ՛օգտագործուի որպէս ախոռ: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կ՛ահազանգէ Gazetekarinca.com կայքէջը:

Թէեւ տեղի գիւղացիները յաճախ դիմած են բերդը վերակառուցելու համար, սակայն` ապարդիւն: Աղբիւրին համաձայն` բերդին մէջ գտնուած է նաեւ եկեղեցի, որուն պատերը ներկայիս քանդուած են․ նոյն ճակատագիրը կը սպասէ նաեւ ամրոցին: Տեղացիները կը նշեն, որ չեն կրնար իրենց միջոցներով որեւէ բան ընել բերդը պահպանելու համար, եւ հարկաւոր է պետութեան միջամտութիւնը, նաեւ կը խնդրեն, որ ան վերակառուցուի:

Կ՛ենթադրուի, թէ ամրոցը կառուցուած է 3 հազար տարի առաջ, հռոմէացիներու կողմէ, եւ որ եկեղեցին եւս մնացած է Հռոմէական կայսրութեան ժամանակներէն:

Թարգմանեց Մելինէ Անումեանը