Անիի Աւերակներու Տարածքին Հրդեհ Բռնկած է

Աշխարհ, Էրկիր

Թրքական պետական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Անիի աւերակներու տարածքին չոր խոտի բռնկման հետեւանքով բռնկած է հրդեհ, որ քամիի միջոցով ընդարձակուած:

Այդ տարածքին մէջ աշխատող անվտանգութեան աշխատակիցները իրենց ձեռքի տակ ունեցած միջոցներով փորձած են մարել կրակը, այնուհետեւ դէպքի վայր ժամանած է  նաեւ հրշէջ ծառայութիւնը եւ ամբողջովին մարած է հրդեհը:

Թրքական պետական լրատուամիջոցը Անին կը ներկայացնէ ոչ թէ որպէս հայկական մշակութային ժառանգութիւն, այլ` որպէս «տարբեր քաղաքակրթութիւններու օրրան», որ ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ եւ ուր կը գտնուին 11-12-րդ դարու իսլամական ճարտարապետութեան նմուշներ:

Թրքական աղբիւրին հրապարակած նիւթին մէջ Հայաստանի մասին կը յիշատակուի միայն այնքանով, որ Անին կը գտնուի Թուրքիա-Հայաստան սահմանին: