Սուրիոյ Հանրապետութեան Մուֆթին Երախտագիտութիւն Յայտնած է ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Գործունէութեան Համար

Աշխարհ, Սփիւռք

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ Հալէպի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Յուլիս 18-ին կազմակերպած է Սուրիոյ հանրապետութեան մուֆթի՝ Շէյխ Ահմատ Պատրըտտին Հասունի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը Հալէպի մէջ տեղակայուած հայկական մարդասիրական առաքելութեան խումբի կեդրոն:

Հանդիպման ընթացքին Մուֆթի Ահմատ Պատըրտտին Հասուն խօսած է սուրիահայ համայնքի առանձնայատուկ դերին մասին` դիտել տալով, որ հայերը եղած են եւ կը մնան սուրիական ընկերութեան անբաժանելի մասնիկը: Ահմատ Պատըրտտին Հասուն անդրադարձած է Սուրիոյ մշակոյթի, գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտներէն ներս հայերուն ունեցած մեծ աւանդին` շեշտելով այն հանգամանքը, որ Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերը ոչ միայն փրկութեան ափ գտան Սուրիոյ մէջ, այլեւ, որպէս նշան մեծ երախտագիտութեան, ամբողջութեամբ լծուեցան Սուրիոյ շէնացման եւ բարգաւաճման գործին` բարեկամութեան կամուրջներ հաստատելով երկու եղբայրական երկիրներու` Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ: 


ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան խումբի գործունէութեան առնչութեամբ Սուրիոյ Մուֆթին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին սուրիական իշխանութիւններու երախտագիտութիւնն ու շնորհակալական խօսք ուղղեց, միեւնոյն ատեն շեշտելով, որ խումբի մարդասիրական աշխատանքները թէ՛ առողջապահութեան, թէ՛ մարդասիրական ականազերծման ոլորտներու մէջ Սուրիոյ ժողովուրդին մեծ համակրանքին եւ բարձր գնահատանքին արժանացած են:


Հալէպի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը իր կարգին ըսած է, որ սուրիական ճգնաժամի ընթացքին Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ գործող Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները աշխատած են մեծ թափով` հաւասարապէս բաժնեկից դառնալով Սուրիոյ ժողովուրդին պատերազմի հետեւանքով կրած զրկանքներուն ու դառնութիւններուն: Հայաստանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին անունով մարդասիրական օգնութիւններ ուղարկուած են Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին իբրեւ բարոյական պարտքի դրսեւորում:


Շնորհակալութիւն յայտնելով Մուֆթի Ահմատ Պատըրտտին Հասունի կեդրոն այցելութեան, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատանքին եւ վստահութեան համար` ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան մարդասիրական առաքելութեան խումբի ներկայացուցիչ Արկատի Տօնոյեան դիտել տուած է, որ մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ ցուցաբերուած մեծ մարդասիրութիւնը չէ մոռցուած համասփիւռ հայ ժողովուրդին կողմէ, իսկ խումբին գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցութիւնն է պատերազմի մէջ գտնուող Սուրիոյ՝ Սուրիոյ ժողովուրդին հոգերը մեղմացնելու եւ կարիքաւոր քաղաքացիներուն բժշկական անվճար ծառայութիւններ տրամադրելու։


Պատուիրակութեան անդամները այցելած են խումբի կեցութեան վայրը, հանդիպում ունեցած են հայ մասնագէտներու հետ եւ իրենց գոհունակութիւնը յայտնած են մարդասիրական առաքելութեան խումբի ներկայացուցիչներուն: