Անթիլիասի Մամլոյ Համահայկական Համագումարը Պէտք Է Վերածուի Մնայուն Գործընթացի. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Սփիւռք

Շաբաթ, 20 յուլիս 2019-ին, Ուրուկուէյի հայկական ռատիոժամին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին՝ վեհափառ հայրապետը՝ անդրադառնալով վերջերս Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Հայ մամուլի համահայկական համագումարին, կոչ ուղղեց մամլոյ մշակներուն համագումարը վերածելու մնայուն գործընթացի: Ան ըսաւ, թէ որեւէ համագումար (ինչպէս որեւէ յեղափոխութիւն) իր լիառատ իմաստը կը ստանայ ու նպատակը կ՛իրագործէ, երբ վերածուի գործընթացի: Այլ խօսքով, յստակ ծրագիրներ մշակելու ու նպատակներ իրագործելու հաւաքական աշխատանքին: «Այս կոչը ուղղեցինք մենք համագումարի մասնակիցներուն: Նոյնը կը կրկնենք այսօր», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը` վեր առնելով  համագումարին համահայկական բնոյթ ունենալու նշանակութիւնը: «Մեր մտածումներուն, գործերուն, ծրագիրներուն մղիչ ուժն ու նպատակը պէտք է դառնայ համահայկականը` մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: Սա լոզունգ չէ, այլ մարտահրաւէր է` ուղղուած բոլոր պատասխանատուներուն ու կառոյցներուն: Այսպէս, անջատ-անջատ պիտի ծրագրենք ու գործենք, եւ այս մօտեցումը պիտի ջլատէ մեր ազգին ներուժը»:

Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ հայ մամուլը առաքելութիւն է եւ ան կոչուած է վճռական դերակատարութեան մեր կեանքին մէջ: «Այս նախանձախնդրութենէն ու սպասումէն մեկնած մենք կազմակերպեցինք Հայ մամուլի համահայկական համագումարը: Ճիշդ է, մօտեցումներու տարբերութիւնը Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ ակներեւ էր, սակայն տարբերութիւնը անհրաժեշտ է ներդաշնակել ի խնդիր համահայկական արժէքներուն ու ձգտումներուն»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, ուր համացանցը դարձած է տիրական ներկայութիւն` բոլոր բնագաւառներուն մէջ, համահայկական լրատւութեան ցանցի մը ստեղծումը աւելի քան հրամայական է: