Միջազգային Լրատուամիջոցները Գլխաւոր Լուրերով Կ՛անդրադառնան ԱՄՆ-ի Մէջ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Ընդունման

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման գլխաւոր լուրերուվ կ՛անդրադառնան միջազգային լրատուամիջոցները: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ, BBC–ն կը գրէ, որ Ներկայացուցիչներու պալատը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւնը անուանեց ցեղասպանութիւն: […]

Մեր Երախտագիտութիւնը Կը Յայտնենք ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատին` Հայոց Ցեղասպանութիւնը Հաստատող Օրինագիծի Ընդունման Համար. «Աւրորա» Մարդասիրական Նախաձեռնութիւն

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը յայտարարութիւն տարածած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի` Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող օրինագիծի քուէարկութեան վերաբերեալ: Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան գործընկերներու եւ աջակիցներու անունով կ՝ուզենք մեր երախտագիտութիւնը յայտնել […]

Քուէարկութիւն, Որուն Համար 19 Տարի Պայքարած Եմ. ԱՄՆ Քոնկրէսական Ադամ Շիֆ Յուզուած է Քոնկրէսի Մէջ Ելոյթի Ժամանակ (տեսանիւթ)

ԱՄՆ հայամէտ քոնկրէսական Ադամ Շիֆ ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի ընդունման վերաբերեալ Twitter-ի իր էջին գրած է՝ հրապարակելով Քոնկրէսի մէջ իր ելոյթին տեսանիւթը: «Ներկայացուցիչներու պալատը […]

Ատրպէյճան Կրակոցներ Արձակած է Տաւուշի Գիւղերու եւ Դիրքերու Ուղղութեամբ

Ատրպէյճանական կողմը Հոկտեմբեր 29 լոյս 30-ի վաղ առաւօտեան, Տաւուշի մարզի բնակավայրերու եւ դիրքերու ուղղութեամբ կրակոցներ արձակած է: Այս մասին, ըստ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի, կը տեղեկացնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան: «Տաւուշի […]

Թուրքիոյ Նախագահականէն Նոյնպէս Արձագանգած են ԱՄՆ-ի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Ընդունման

Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն արձագանգած է ԱՄՆ Քոնկրէսի ստորին պալատի՝ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, Ալթուն գրած է […]

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը Ողջունած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատին Որոշումը

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, ընթացող Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին, Հոկտեմբեր 30-ին, անդրադարձ եղած է Հոկտեմբեր 29-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց […]

Թուրքիոյ Պաշտօնական Արձագանգը՝ ԱՄՆ-ի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Ընդունման Վերաբերեալ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է ԱՄՆ Քոնկրէսի ստորին պալատի՝ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին ընդունումը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Sabah-ը։ «Մենք կը մերժենք «Հաստատելով Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ […]

Չաւուշօղլուի Արձագանգը Ներկայացուցիչներու Պալատին Կողմէ Ցեղասպանութեան Ընդունման Վերաբերեալ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն արձագանգած է ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող պատմական բանաձեւին ընդունման: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Timeturk-ը։ Չաւուշողլուն Twitter-ի իր էջին մասնաւորապէս գրած […]

Թուրքիոյ Մէջ ԱՄՆ Դեսպանը Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւէն Ետք ԱԳՆ Կանչուած է

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին ընդունումէն ետք՝ Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան Տէյվիտ Սէթրֆիլտ կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը յայտնէ թրքական HaberTurk-ը: […]

Արդարութիւնն ու Ճշմարտութիւնը Համախմբուեցան Պատմական Բանաձեւի Մէջ. Զոհրապ Մնացականեան

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան անդրադարձած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւին ընդունման: ՀՀ ԱԳ նախարարը Twitter-ի իր էջով շնորհակալութիւն կը յայտնէ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին՝ […]