Պաքուի Մէջ Ձերբակալուած Է Հայկական Երաժշտութիւն Լսող Քաղաքացի Մը

Աշխարհ

Ազրպէյճանական ոստիկանութեան աշխատակիցները հետախուզական գործողութիւններու հիմամբ բացայայտած են ինքնաշարժին մէջ հայկական երաժշտութիւն լսող անձի ինքնութիւնը. ան ձերբակալուած է: Այս մասին ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է Պաքուի ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան մամլոյ ծառայութեան պետ Էլշատ Հաճիեւ:

Ըստ անոր, մանրամասնութիւնները կը քննուին, կը կատարուի հետաքննութիւն:

«Երկիր» կը հաղորդէ, որ դիմատետրի օգտատէր Ալեն Ղուլեան կիրակի օր տեսանիւթ հրապարակած էր` հետեւեալ գրառումով. «Սպիտակցի Հայկոյի եւ Սուփեր Սագոյի «Մի՛ գնա» երգը Պաքուի փողոցներուն մէջ:

Ընկերային ցանցերու ազրպէյճանական աշխարհին մէջ խուճապ է:

Կը գրեն, որ հայերը Վրաստանի տարածքով մուտք գործած են Պաքու եւ հանգիստ կը շրջագային»: