ԱՄՆ Ծերակուտականը Կը Յորդորէ Ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը

Աշխարհ

ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովի բարձրաստիճան անդամ Պոպ Մենենտես, ելոյթ ունենալով Ծերակոյտին մէջ, նշած է, որ Ծերակոյտը պէտք է ընդուին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը եւ հակազդէ տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ անթոյլատրելի վարքագիծին:

Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ ծերակոյտականը յիշեցուցած է Ուաշինկթընի մէջ էրտողանի թիկնապահներու յարձակումը խաղաղ ցուցարարներու վրայ, եւ նշած, որ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումէն ետք, Թուրքիան հիմա ջանք չի խնայեր, որպէսզի արգիլէ նման բանաձեւի ընդունումը նաեւ Ծերակոյտին մէջ, քանի որ, Մենենտեսի կարծիքով, Անգարան գիտէ, որ եթէ բանաձեւը քուէարկութեան դրուի, ապա անիկա պիտի ընդունուի:

Սենատորը շեշտած է, որ Ծերակոյտը պէտք է չտրուի թրքական ճնշումին եւ պէտք է ընդունի Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը: