ՀՅԴ ՀԵՄ-ը Կը Պահանջէ Նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի Հրաժարականը

Հայաստան

Նոյեմբեր 6-ին ՀՅԴ ՀԵՄ-ը բողոքի ցոյց իրականացուց կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնամարզութեան նախարարութեան շէնքին մօտ: Ցոյցին մասնակցողները պահանջեցին նախարարին հրաժարականը․ պատճառը վերջին շրջանին նախարարութեան շարք մը որոշումներն են: Բողոքի ցոյցը իրականացնողները դատարկ արկղեր բերած էին`  Արայիկ Յարութիւնեանի անձնական իրերը լեցնելու համար: «Մենք այնքան բարեկիրթ ենք, որ առանց իր թոյլտւութեան չենք մտներ իր աշխատասենեակ, ատոր համար արկղերը պիտի ձգենք այստեղ, որ իր բոլոր իրերը տեղաւորէ ու հեռանայ»,-ըսած է ցուցարարներէն մէկը:

«Մենք իր դէմ ոչինչ ունինք, ուղղակի կ՛ուզենք օգնել, որ պատիւով հեռանայ…ես հարկատու եմ, իմ վճարած հարկերով այս երկրին մէջ բազմաթիւ իրադարձութիւններ պէտք է ըլան, որոնք նպաստեն Հայաստանի հզօրացման: Ես մեծ հաճոյքով այդ հարկերը կը վճարեմ, բայց չեմ հանդուրժեր, որ իմ հարկերով սեռափոխուածի միասին ֆիլմ նկարուի, ի դէպ՝ այդ մարդը Հայաստանը լքած է եւ Հոլանտա կ՛ապրի, իսկ կրթութեան մարզին  մէջ բազմաթիւ խնդիրներ կան, որոնք լուծման կարօտ են…

Նախարարը անցած է կարմիր գիծը` հայրենիք, հայ, ազգ, այդ հասկացութիւններու հետ խնդիր ունի նախարարը, եւ ինծի հաճելի չէ իր վարած քաղաքականութիւնը»,-ըսած է ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամը: Ապա կոչ ըրած է, որ նախարարը օր մը կրկին մեթրոյով երթեւեկէ եւ հարցնէ` կ՛ուզե՞ն զինք նախարար տեսնել: