Յունաստան-Հայաստան՝ Բարեկամութեան Խումբ

Հա­յաս­տա­նի հետ խորհրդա­րա­նա­կան կա­պե­րու զար­գաց­ման ծի­րէն ներս, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին մէջ կազ­մո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տան-­Հա­յաս­տան բա­րե­կա­մու­թեան խում­բը։ Անոր նա­խա­գահն է ե­րես­փո­խան ­Տի­միթ­րիս ­Մար­քու­բու­լոս (­Նէա ­Տի­մոք­րա­թիա), փոխ­նա­խա­գահ Ի­րի­նի ­Քա­սի­մա­թի (­Սի­րի­զա) եւ քար­տու­ղար Ք­րի­թոն-Ի­լիաս Ար­սե­նիս (­Մե­րա25)։ Ան­դամ­ներ են՝ Ս­թաւ­րոս Ա­րա­խո­վի­թիս, Է­մա­նո­ւիլ […]

Սուրիոյ Մէջ Հայ Մասնագէտներու Խումբի Երրորդ Հերթափոխի Ականազերծողները 2417 քմ Տարածք Մաքրած Են

Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող հայ մասնագէտներու խումբի երրորդ հերթափոխի ականազերծողները, Նոյեմբեր 1-30, 2417 քառակուսի մեթր տարածք մաքրած են: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու […]

«Հարցի Լուծումը Առանց Արցախի Մասնակցութեան Անհնար Է». Մնացականեան

ԵԱՀԿ 26-րդ նախարարական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, 4 Դեկտեմբերին Պրաթիսլաւայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը: Այս հանդիպումին մասին, […]

Հայաստանի Հետ Սահմանները Բանալու Պայմանները Չեն Գոյացած. Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու խորհրդարանին մէջ իր նախարարութեան ամավարկի քննարկման նիստին գրաւոր կերպով պատասխանեց Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի հարցումներուն: «Ակօս»-ի տեղեկութիւններով՝ Փայլան նախարարին հարցուցած էր, […]

Ատրպէյճանի Խորհրդարանը Ինքնալուծարուած է

Ատրպէյճանցի պատգամաւորները այսօր քուէարկած են խորհրդարանի` Միլի Մէճլիսի, ինքնալուծարելու օգտին: Արտահերթ ընտրութիւններու նշանակման մասին արդէն պիտի յայտարարէ նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Խորհրդարանը լուծարելու  ցանկութիւն յայտնած էր Ալիեւի «Ենի Ազերպայճան» կուսակցութիւնը, որ խորհրդարանին մէջ 125 […]

Հայաստանի Մէջ 400 Mwh Հզօրութեամբ Արեւային Ելեկտրակայաններ Պիտի Կառուցուին

Աշխարհի մէջ վերականգնուող ուժանիւթի յայտնի Masdar ընկերութիւնը եւ «Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտ»ը (ԱՆԻՖ) ստորագրած են Հայաստանի մէջ 400 megawatt  (Mwh) հզօրութեամբ արեւային ուժանիթի նախագիծեր մշակելու մասին պաշտօնական համաձայնագիր: Այս համագործակցութեան շնորհիւ Հայաստանի մէջ կ՛ենթադրուի […]

Բրատիսլաւայի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի Հանդիպումը

ԵԱՀԿ 26-րդ նախարարական խորհրդաժողովին ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Facebook-ի իր էջին վրայ […]

Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներուն Զօրակցութիւնը Առաջնահերթութիւն Պէտք Է Դառնայ Արեւմուտքին Համար. ԱՐԱՄ Ա. Կաթողիկոս

24-27 Նոյեմբեր 2019-ին, Պուտափէշտի (Հունգարիա) մէջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին ուղղած իր պատգամին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց Արեւմուտքի եկեղեցիներուն, պետութիւններուն ու քաղաքացիական կազմակերպութիւններուն գործնապէս զօրակցելու Միջին […]

Զապէլ Եսայեանի Մշակոյթի Տան Բացումը Դեկտեմբերին

Անի Զէյթունցեան Ռատիօ Լուր Արաս հրատարակչատունը հիմնուած է 1993-ին։ Հայերէն եւ թրքերէն գիրքեր հրատարակելով՝ հայ եւ թուրք իրականութեան համար գիրքերու միջոցով մերձեցման գաղափարն է, հայերը եւ թուրքերը իրար մօտեցնելու, ծանօթացնելու […]

Կարնոյ Հայկական Եկեղեցին Թուրքերը Աղբավայրի Կը Վերածեն (լուսանկարներ)

Կարնոյ (Էրզրում) Ազիզիէ շրջանի Կեզքէոյ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սբ. Մինաս եկեղեցւոյ մօտ Ազիզիէի համայնքապետարանը շինարարական աղբ կը կուտակէ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։ 1790-ին կառուցուած, այժմ կիսաւեր վիճակի մէջ […]