Նունէ Սարգսեան` Հայաստանի Մէջ Երեխաներու Իրաւունքներու Արտակարգ Պաշտպան

Աշխարհ, Հայաստան

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը կը տօնէ Հայաստանի մէջ իր գործունէութեան 25-ամեակը:

25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկի ընթացքին վկայագիրներ յանձնուեցան ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի երկարամեայ աշխատակիցներուն, իսկ ՀՀ նախագահի տիկին Նունէ Սարգսեան ընտրուեցաւ Հայաստանի մէջ երեխաներու իրաւունքներու արտակարգ պաշտպան:

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը Հայաստանի մէջ գործունէութիւն սկսած է ծաւալելու 1994-էն եւ կ՛աջակցի Հայաստանի կառավարութեան` մշակելու եւ իրագործելու բարեփոխումներ` ուղղուած Հայաստանի երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով ամենակարիքաւոր եւ խոցելի երեխաներուն: