Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանը` Պոլսոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարք

Սփիւռք

Դեկտեմբեր 11-ին ազգային ներկայացուցչական ժողովը Պոլսոյ հայոց 85-րդ պատրիարք ընտրեց Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը:

Թեկնածուներէն Մաշալեանի ընտրուիլը սպասելի էր, քանի որ Դեկտեմբեր 8-ին տեղի ունեցած պատուիրակներու ընտրութենէն ետք անոր յաղթանակի հաւանականութիւնը արդէն ուրուագծուած էր:

Այսօր իսկապէս պատմական օր է Պոլսի հայ համայնքի համար, քանի որ 12 տարուան անորոշութեան շրջանը արդէն կարելի է աւարտած համարել: 12 տարի փաստացի ղեկավար չունենալու պատճառով համայնքին մէջ կուտակուած են բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք կը վերաբերին թէ՛ կրթական, թէ համայնքի վարչական կառավարման հարցերուն:

Այս անորոշութեան շրջանի աւարտէն ետք համայնքին մէջ նոր պատրիարքէն յիշեալ խնդիրներու համակարգային լուծումն կ՛ակնկալուի: Սակայն մինչ այդ ամենամեծ սպասելիքը միասնութեան հաստատումն է բազում խնդիրներու պատճառով պառակտուած համայնքին մէջ:

Պոլսի Հայոց պատրիարքարանը նոր կազմով, նոր ծրագիրներով ու նախաձեռնութիւններով նոր համայնք պիտի կերտէ: Այս մասին յայտարարեց նորընտիր պատրիարք Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան Սբ Աստուածածին Մայր տաճարի մէջ դիմելով համայնքի ներկայացուցիչներուն, հոգեւորականներուն: «Նորութեան կարիք կայ` հոգեպէս ու մտքով: Մեր հաստատութիւնները նորոգուելու կարիք ունին, իմ ընտրութիւնը առաջին քայլը պիտի ըլլայ: Առաջնորդութեան օրինակ ունինք մեր առջեւ` Յիսուս Քրիստոսը, որ իր աշակերտներու ոտքերը լուաց, ցոյց տուաւ` ինչպէս ըլլալ բարի հովիւ: Այսօր պատրիարք չընտրեցիք, Աստուծոյ եւ ազգի առաջին ծառայ ընտրեցիք»,- «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` ըսած է Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան: