Թուրքիան Պէտք է Անյապաղ Ազատ Արձակէ Թուրք Յայտնի Գործարար Օսման Քաւալան․ ՄԻԵԴ-ի Վճիռը

Աշխարհ

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը վճռած է, որ Թուրքիան պէտք է անյապաղ ազատ արձակէ թուրք յայտնի գործարար եւ ակթիւստ իրաւունքներու պաշտպան Օսման Քաւալան:

ՄԻԵԴ-ն արձանագրած է, որ Թուրքիան ազատազրկած է Քաւալան` զայն լռեցնելու նպատակով: Օսման Քաւալա կալանաւորուած է 2017-ի Նոյեմբերին` մեղադրուելով Պոլսոյ Կեզի զբօսայգիին մէջ 2013-ին տեղի ունեցած հակակառավարական ցոյցերը կազմակերպելու, Թուրքիոյ կառավարութիւնը տապալելու փորձին համար:

Ի դէպ, Քաւալա յայտնի է իր հայամէտ դիրքորոշումով: Ան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչած եւ դատապարտած գործիչներէն է, աշխոյժ համագործակցած է հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու հետ: