Անգարան Հակազդած Է ԱՄՆ-ի Ծերակոյտին Կողմէ Հակաթրքական Պատժամիջոցներու Նախապատրաստման

Աշխարհ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Դեկտեմբեր 12-ին դատապարտած է ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի Ծերակոյտի օտարերկրեայ գործերու կոմիտէին կողմէ հակաթրքական պատժամիջոցներու նախապատրաստումը:

«Քոնկրեսի երկու պալատներու եւ հակաթրքական շրջանակներու կողմէ պաշտպանութիւն գտած նախաձեռնութիւնները մեր ազգային անվտանգութեան վերաբերող ինքնիշխան որոշումները չյարգելու հերթական դրսեւորումն են,-ըսուած Է նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:- Մենք կոչ կ՛ընենք ԱՄՆ-ի Քոնկրեսին` գործելու ողջամտօրէն եւ կառուցողական դիրք բռնելու, որպէսզի չնասուի մեր ընդհանուր նպատակները, որոնք վերջին շաբաթներուն վերահաստատուած են ամենաբարձր մակարդակով»:

ԱՄՆ-ի Քոնկրեսի Ծերակոյտի օտարերկրեայ գործերու կոմիտէն Դեկտեմբեր 11-ին ընդունեց Թուրքիոյ եւ անոր ֆինանսական հատուածի դէմ պատժամիջոցներու փաթեթը` կապուած Անգարայի կողմէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ ռազմական գործողութեան իրականացնելուն եւ C-400 ռուսական զենիթահրթիռային համակարգերու գնման հետ: Այժմ փաստաթուղթը պիտի ներկայացուի Ծերակոյտի ամբողջ կազմի քննարկման, երբ անոր մէջ կրնան փոփխութիւններ մտցնել: Համանման փաստաթուղթը Հոկտեմբերին ընդունուած է Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ:

Նախաձեռնութիւնը ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփին կը պարտաւորեցնէ սահմանափակումներ կիրառել այն անձերու դէմ, որոնք մեղսակից են Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութեան, մասնաւորապէս, Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի նկատմամբ: Բացի այդ, կը նշուի փաստաթուղթին մէջ, ամերիկեան վարչակազմը CAATSA օրէնքի ծիրէն ներս պարտաւոր Է սահմանափակումներ կիրառել Անգարայի կողմէ C-400 համակարգերու գնելու առիթով: