Գարեգին Բ. Պոլսոյ Նորընտիր Պատրիարքը Հրաւիրած է Էջմիածին

Հայաստան, Սփիւռք

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ․ շնորհաւորած է Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց նորընտիր պատրիարք Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը:

Վեհափառ հայրապետը կարեւոր նկատած է, որ երկարատեւ ընդմիջումէ ետք Պոլսի Հայոց պատրիարքական Աթոռն օժտուած է նոր գահակալով:

Շնորհաւորագրին մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը գոհունակութեամբ յիշած է Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի` Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսչութեան տարիները.

 «Շնորհիւ Ձեր հոգեւոր, աստուածաբանական ու դաստիարակչական գիտելիքներուն` ունեցանք ճեմարանականներու նոր սերունդ, որոնք ծառայասէր ոգիով այսօր կը սպասաւորեն Մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ:

«Կ՛աղօթենք, որ Ամենակալ Տէրը ուժ ու կարողութիւն պարգեւէ Ձեզի` ամենայն իմաստութեամբ եւ բարձր պատասխանատւութեամբ ստանձնելու Մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռի` Կ. Պոլսի Հայոց Պատրիարքութեան hոգեւոր առաքելութիւնը` ի պայծառութիւն Մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի մխիթարութիւն Կ. Պոլսի հաւատացեալ Մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Թող Տէրը օգնական եւ զօրավիգ ըլլայ Ձեզի` շնորհելով քաջառողջ արեւշատութիւն եւ յաջողութիւններ հոգեւոր Ձեր ծառայութեան մէջ»:

Վեհափառ հայրապետը նշած է, որ սիրով կը սպասեն նորընտիր պատրիարքին այցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: