Հրթիռարձակումներ Հալէպի Միջազգային Օդակայանի եւ Այլ Վայրերու Ուղղութեամբ

Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, երէկ, Հալէպի արեւմտեան եւ արեւելեան շրջաններուն, ինչպէս նաեւ Հալէպի միջազգային օդակայանին, Նէյրապի զինուորական օդակայանին, բնակարաններուն եւ ծառայողական հաստատութիւններուն ուղղութեամբ հրթիռարձակումներ կատարած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը՝ […]

ՀՀ Ղեկավարութիւնը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Պաքուի Ջարդերուն Զոհ Դարձած Հայերու Յիշատակին

Պաքուի մէջ իրականացած հայերու ջարդի 30-րդ տարելիցին առիթով՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի […]

Հայաստանի Տնտեսական Աճի Կանխատեսումները Կայուն Բնոյթ Կը Կրեն

Համաշխարհային դրամատան 2020-ի Համաշխարհային տնտեսական հեռանկարներու (GEP) Յունուար ամսուան զեկոյցին համաձայն՝ Հայաստանի մէջ տնտեսական աճի կանխատեսումները կայուն բնոյթ կը կրեն: Ըստ Համաշխարհային տնտեսական հեռանկարներու 2020-ի զեկոյցին՝ թէեւ տնտեսական աճի կշռոյթը […]

Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Արցախի Հարցը Արծարծեց Խորհրդարանի Անդամ Թերի Պիչի եւ Նախարար Ատրիան Տիքսի Հետ

Ընդառաջելով Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրին, 5 Յունուար 2020-ին, Գանատայի փոխադրամիջոցներու նախարարութեան խորհրդարանական քարտուղար Թերի Պիչ եւ Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքս մասնակցեցան Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Սուրբ Գրիգոր […]

Վրաստանի Նախագահը Հայ Առաքելական Սուրբ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հաւատացեալները Շնորհաւորած է Սուրբ Ծնունդի եւ Ջրօրհնէքի Առիթով

Վրաստանի նախագահը հայ առաքելական սուրբ ուղղափառ եկեղեցւոյ հաւատացեալները շնորհաւորած է Սուրբ Ծնունդի եւ Ջրօրհնէքի առիթով: Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։ «Հայ Առաքելական սուրբ եկեղեցին այսօր, Յունուար 6-ին, հին տաղաւարով կը […]

Իրանի Սուրբ Մեսրոպ Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Տեղի Ունեցած է Զօրավար Սոլէյմանիի Յիշատակի Ոգեկոչման Արարողութիւն

Իրանի Արաք քաղաքի Սուրբ Մեսրոպ հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է  Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու բաժանմունքի «Ղոտս» յատուկ ստորաբաժանման ղեկավար, զօրավար Ղասէմ Սոլէյմանիի յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւնը, որուն լուսանկարներով անդրադարձած է IRNA […]

Ֆրանսահայ Բեմադրիչ Ժիւլի Մանուկեանի Առաջին Ժապաւէնը՝ «Անասնաբոյժները»

Ֆրանսահայ ծանօթ երաժիշտ Անտրէ Մանուկեանի աղջիկը՝ Ժիւլի Մանուկեան 37 տարեկանին կը միանայ ֆրանսական շարժապատկերի հայկական փաղանգին՝ իր բեմադրած «Անասնաբոյժները» ժապաւէնով: Պատմութիւնը  տեղի կ՛ունենայ Ֆրանսայի գաւառական կորսուած մէկ անկիւնին մէջ, ուր […]

Իրանի Մէջ 176 Մարդ Տեղափոխող Օդանաւ Մը Կործանուած է

Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի օդակայանին մօտակայքը կործանուած է 176 մարդ տեղափոխող «Ուքրանիոյ միջազգային թռիչքուղիներ» ընկերութեան ուղեւորափոխադրող Boeing-737 օդանաւը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին յայտնած է Fars գործակալութիւնը: IRNA գործակալութեան տուեալներով՝ օդանաւի բոլոր […]

Ստեփանակերտը Շահագրգռուած Է Տարածաշրջանի Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Պահպանմամբ. Բակօ Սահակեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 5 Յունուարին գլխաւորեց աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ Հանրապետութեան օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։ Քննարկուեցան երկրի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Երկրի ղեկավարը կարեւոր […]

Հայաստան Կողմնակից Է Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ Իրադրութեան Խաղաղ Միջոցներով Լիցքաթափման

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց վերջին շրջանին Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն գծով եւ նշեց, որ Հայաստան հանդէս կու գայ բացառապէս խաղաղ միջոցներով իրադրութեան լիցքաթափման […]