Մենք Մեծ Պատմութիւնները Կեղծիքի Վրայ Չենք Կառուցեր. Էմանուէլ Մաքրոն

Աշխարհ, Սփիւռք

Ֆրանսայի նախագահ էմանուէլ Մաքրոն մասնակցած է ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ամենամեայ ընթրիքին, որուն ներկայ եղած է նաեւ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզին, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն, կառավարութեան անդամներ, խորհրդարանականներ, Ֆրանսայի պետական եւ տեղական իշխանութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ եւ հոգեւոր հայրեր: Որպէս պատուաւոր հիւր` ընթրիքին մասնակցած է նաեւ թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամ։

Ֆրանսայի նախագահը իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին` ընդգծելով, որ Ֆրանսան արդէն 19 տարիէ լծուած է այդ գործին: Մաքրոն ուրախութեամբ նկատել տուած է, որ արդէն մէկ տարիէ կատարուած է Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր դարձնելու իր խոստումը:

«Պայքարը, որ հայերը կը մղեն Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, պայքար է նաեւ լռութեան, մոռացութեան դէմ: Իսկ ճշմարտութեան հարցով գոյութիւն ունի եղբայրութիւն հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներուն միջեւ»,- ըսած է ան։

«Մենք մեծ պատմութիւնները կեղծիքի, վերաքննութեան կամ ժխտողականութեան քաղաքականութեան վրայ չենք կառուցեր, — նշած է ան`  դատապարտելով ռազմավարութիւնը, որ ուղղուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ նոր ծաւալապաշտութեան, յանցագործութիւններու ժխտման եւ ձգտումին կրկին ձեռք բերելու անցեալի ունեցած ուժը, անցեալ, որը հիմնականօրէն մտացածին է»:

Ընթրիքի ընթացքին Ֆրանսայի նախագահը ողջունած է թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտումը դատապարտելու համար:

«Դուք դատապարտեցիք ժխտումը», – ընթրիքի ժամանակ ըսած է Մաքրոն «Սպանութեան հրամաններ» գիրքի հեղինակին:

Ֆրանսայի նախագահին կարծիքով, Աքչամի գիրքը «ակնյայտօրէն կազմակերպուած  եւ կանխամտածուած յանցաւորութեան գիտական ​​հաստատումն է»:

«Դուք բացայայտեցիք այն, ինչը՝ ցեղասպանութեան ժխտումը, ոմանք կը ցանկանային մոռացութեան մատնել», – ըսած է Մաքրոն: «Ատիկա հիմնաքարն է թուրք քաղաքական առաջնորդներու հետ քաղաքական բանավէճերու ժամանակ», – աւելցուցած է ան: