Տիգրանակերտի Հայկական Բողոքական Եկեղեցին Վերանորորգուած Է

Աշխարհ, Էրկիր

Տիգրանակերտի Սուր շրջանի հայկական բողոքական եկեղեցին, որ մեծ վնասներ կրած էր 2015-ին տեղի ունեցած թրքական բանակին եւ քիւրտ զինեալներու միջեւ բախումներուն ընթացքին, վերանորոգուած է Հիմնարկութիւններու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Մարմարա» թերթը։

Բողոքական այս եկեղեցին կառուցուած է 18-րդ դարուն եւ իր շրջափակին մէջ ունի հիւրատուն, ժամատուն եւ քահանայի տուն։