Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Թաներ Աքչամի Գիրքը Թարգմանուած է Նաեւ Ֆրանսերէնի

Աշխարհ, Սփիւռք

Փարիզի մէջ ներկայացուած է թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի` Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Սպանութեան հրամաններ» գիրքին ֆրանսերէն տարբերակը: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս առիթով ֆէյսպուքի իր էջին վրայ Աքչամ գրած է, որ մեծ պատիւ համարած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթի ներկայութիւնը: Պատմաբանը նաեւ նշած է, որ Լաքոթին հանդիպած է 2018-ին, Երեւանի մէջ:

Լաքոթ իր հերթին ֆեյսպուքի մէջ նշած է. «Ուրախ էի Փարիզի մէջ հանդիպելով Թաներ Աքչամին, որ գրախանութի մէջ ներկայացուց իր «Սպանութեան հրամանները-Հայաստան 1915» գիրքը: Ան կը պատմէ անոր վերջին հետազօտութիւններու մասին եւ կը հաստատէ իսկութիւնը օսմանեան այն փաստաթուղթերուն, որոնք կը հանդիսանան պետութեան կողմէ ծրագրուած ըլլալու ապացոյցներ, որոնք յանգեցուցած են հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան»,-գրած է դեսպանը: