Category: Աշխարհ
Նահանգապետ Նիւսըմ Մերժեց Համբիկ Սասունեանը Ազատ Արձակել
Հակառակ անցնող Դեկտեմբերին, Բանտարկեալներու ազատ արձակման խորհուրդին՝ Համբիկ Սասունեանը ազատ արձակելու ի նպաստ առած որոշումին, Երեքշաբթի, 26 Մայիսին, նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ, մերժելով խորհուրդին որոշումը՝ արգելակեց Սասունեանի ազատ արձակումը: ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս […]
Youtube-ը Հեռացուցած է Թուրքիոյ Քաղաքացի Հրէայ Գործարարի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ատելութեան Խօսք Ընդգրկող Տեսանիւթը
YouTube-ի վարչակազմը հեռացուցած է Թուրքիոյ քաղաքացի հրէայ գործարար Տողան Քասատոլուի տեսանիւթը, որ ատելութեան խօսք կ՝ընդգրկէր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։ Նշենք, որ անցեալ տարի Քասատոլուն թրքական Akit TV-ի […]
ՀՅԴ Հայ Դատի Մասնակցութիւնը Պոնտական Ցեղասպանութեան Յիշատակի Ելոյթներուն
Ամէն տարի՝ 19 Մայիսին, Պոնտոսի յոյները կը յարգեն յիշատակը աւելի քան 350.000 յոյներու ցեղասպանութեան, որ իրագործուեցաւ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ։Այս տարի եւս, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան […]
Ատրպէյճանը Խախտած է Կեանքի Իրաւունքը․ ՄԻԵԴ-ը Գուրգէն Մարգարեանի Գործով Վճիռ Հրապարակած է
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը վճիռ հրապարակած է Պուտափեշտի մէջ ատրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովին կողմէ քնացած ժամանակ կացինահարուած ՀՀ զինուած ուժերու սպայ Գուրգէն Մարգարեանի ընկերոջ՝ Հայկ Մակուչեանի եւ հարազատներու ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ […]
Հայ Ականազերծողները Հալէպ Նահանգի Ալ-Զիրաա Բնակավայրին Մէջ Գտնուող Դաշտ Մը Ականազերծեցին
Սուրիոյ մէջ գործող ՀՀ մարդասիրական խումբի ականազերծողները Հալէպ նահանգի «ալ-Զիրաա» բնակավայրին մէջ գտնուող դաշտ մը ամբողջութեամբ ականազերծելով 25 Մայիսին յանձնեցին Հալէպի Նահանգային Խորհուրդին եւ տեղւոյն բնակչութեան: Այս մասին կը տեղեկացնէ […]
Գանատա-Արցախ Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խումբի Ղեկավար Ռէյչըլ Հարտըր Շնորհաւորած է Արցախի Նախագահը
Գանատա-Արցախ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար, Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ռէյչըլ Հարտըր շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին: Ուղերձին մէջ ըսուած է. «Յարգելի պարոն Յարութիւնեան, Կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ […]
«Հին Գիւմրի»-ն Նամականիշերու «Եւրոպա» Ամենամեայ Մրցոյթին Ներկայացուած է
«Հին Գիւմրի» նամականիշը ներկայացուած է «Հնագոյն փոստային երթուղիներ» թեմայով նամականիշերու «Եւրոպա» ամենամեայ մրցոյթին, որ արդէն սկսած է: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Հայփոստ» ՓԲԸ-ի տեղեկատւութեան բաժինէն։ Այս տարի Հայաստանը կը մասնակցի փոստային […]
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Չեխիոյ Ծերակոյտի Բանաձեւը Աւանդ Է Պատմական Արդարութեան Վերականգնման Գործին Մէջ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Չեխիոյ Ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած բանաձեւով Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտումը` դիտել տալով, որ այդ որոշումը ծանրակշիռ աւանդ է պատմական արդարութեան վերականգնման եւ ցեղասպանութիւններու ու մարդկութեան դէմ նոր […]
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Չեխիոյ Ծերակոյտին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Դատապարտումը
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ Չեխիոյ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց, ինչպէս նաեւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ազգային եւ կրօնական այլ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին նացիներու կողմէ մարդկութեան դէմ […]
Ատրպէյճանի Ռազմափորձերուն Շուքին Տակ, Ուաշինկթըն Արցախի Ականազերծման Աջակցութեան Կասեցումը Յայտարարեց
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ատրպէյճանի մէջ տեղի կ՛ունենային լայնածաւալ եւ յարձակողական բնոյթի ռազմափորձեր, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգնեու դեսպան Լին Թրէյսի 21 Մայիսին յայտատարեց, թէ Ուաշինկթըն Արցախի ականազերծման […]










