Մոսկուայի Կարմիր Հրապարակով Հանդիսաւոր Քայլերթով Անցաւ 75 Հոգինոց Հայկական Զօրախումբը

Աշխարհ, Հայաստան

Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին մէջ իրականացուող Հայրենական Մեծ պատերազմի յաղթանակի 75-րդ տարեդարձին նուիրուած շքերթին հանդիսաւոր քայլերթով անցաւ 75 հոգինոց հայկական զօրախումբը՝ գնդապետ Աշոտ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն։

Անոնք կը ծածանէին Թամանեան խումբի մարտական եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշները։

Շքերթին ներգրաւուած է 15 հազար զինուորական, 234 մարտական սարք, 80 ինքնաթիռ եւ ուղղաթիռ։ «Քորոնա» ժահր համավարակին պատճառով՝ Յաղթանակի 75-ամեակին նուիրուած զօրահանդէսը Մայիս 9-ին չէր իրականացած եւ տեղափոխուած էր Յունիս 24։ 1945-ի այս օրը նացիստական Գերմանիան ջախջախած զինուորականներու շարասիւնը հանդիսաւոր քայլերթով անցաւ Կարմիր հրապարակով։