Մասնակիցները Իրենց Խնդիրը Կատարեցին. ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Զինծառայողներու Քայլքը Բարձր Գնահատած է

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

5 սպայ ու զինուոր՝ գնդապետ Աշոտ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ՝ այսօր անցան Մոսկուայի Կարմիր հրապարակով՝ ամբողջ աշխարհին յիշեցնելով Մեծ յաղթանակի գործին մէջ հայ ժողովուրդի ունեցած դերակատարման մասին, նաեւ ներկայացնելով ներկայիս հայկական պետութեան զինուած ուժերու պատրաստուածութիւնը: Այս մասին, Facebook-ի իր էջին մէջ գրած է ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան՝ կից հրապարակելով լուսանկարներ:

«Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան մեր զինծառայողներուն քայլքը բարձր գնահատեց եւ նշեց, որ մասնակիցները իրենց խնդիրը կատարեցին պատշաճ մակարդակով»,- նշած է խօսնակը:

Bild könnte enthalten: 1 Person, steht und im Freien
Bild könnte enthalten: 2 Personen, Personen, die stehen und im Freien