ՀՀ Նախագահը Ստորագրած է «Սահմանադրական Դատարանի Մասին» Օրէնքներու Փաթեթը

Հայաստան

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, ի թիւս այլ օրէնքներու, ստորագրած է նաեւ «Սահմանադրական դատարանի մասին» սահմանադրական օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւն կատարելու մասին օրէնքներու փաթեթը։

Այպիսով, Ազգային ժողովի նախագահի հրապարակման պահէն՝ Սահմանադրական փոփոխութիւնները կը մտնեն ուժի մէջ, Սահմանադրական դատարանի 3 անդամները պաշտօնանկ կ՝ըլլան, իսկ Հրայր Թովմասեան չ՝ըլլար դատարանի նախագահ:

Նախօրէին, Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներուն կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը, որմով կ՝առաջարկուէր վերաշարադրել Սահմանադրութեան 213-րդ յօդուածը։ Անիկա կը  վերաբերի ՍԴ դատաւորներու եւ նախագահներու պաշտօնավարման կարգին։

Նախագիծով կ՝առաջարկուի 12 տարիէն աւելի պաշտօնավարած դատաւորներու լիազօրութեան ժամկէտը համարել աւարտած։ Նպատակը, ըստ հիմնաւորման, 2015-ի Սահմանադրութեամբ նախատեսուած ՍԴ ձեւաւորման նոր տարբերակին կիրառումը ապահովելն է։