Հայաստան Ժամանած է Ֆրանսացի Բժիշկներու Երկրորդ Խումբը

Աշխարհ, Հայաստան

 Հայաստան ժամանած է ֆրանսացի բժիշկներու նոր խումբը` վերակենդանացման մասնագէտ բժիշկ Լորան Փափազեանի գլխաւորութեամբ:

Խումբը պիտի աջակցի հայ բժիշկներուն «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի ծիրէն ներս:  

Փրոֆէսոր Լորան Փափազեան Մարսէյլի Նորտ բժշկական կենդրոնի վերակենդանացման բաժանմունքի ղեկավարն է, Մարսէյլի բժշկական համալսարանի փրոֆէսոր եւ բժշկութեան ոլորտի յայտնի գիտնական: 

 Փափազեան Ֆրանսայի մէջ «Քոչոնա» ժահրի դէմ պայքարի առաջամարտիկներէն է:

Ժամանած բժիշկները այսօր առաւօտեան արդէն անցած են գործի Երեւանի «Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնին մէջ: