Հայկական Արտադրութեան «Քորոնա» Ժահրի Փորձարկիչները Պատրաստ Են

Հայաստան

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան այսօր ըսած է, որ հայկական արտադրութեան «Քորոնա» ժահրի հաստատման   PCR փորձարկիչները պատրաստ են:

Անոնք պիտի օգտագործուին Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ պետական պատուերով իրականացուող հետազօտութիւններուն համար:

«Ասիկա լուրջ յառաջընթաց է մեր բժշկագիտութեան եւ հիմնարար գիտութիւններու համար: Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել Մոլեկուլային (մասնիկային) կենսաբանութեան հիմնարկին` փորձարկիչները մշակելու եւ արտադրելու համար, ինչպէս նաեւ պարէտատան` անոնց մշակման համար անհրաժեշտ պարագաներն ու նիւթերը ձեռք բերելու եւ Հայաստան ներածելու համար»,- նշած է նախարարը: