Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցան Նախարար Փապլօ Ռոտրիկէզի Հետ

Երկուշաբթի, 29 Յուլիս 2019-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցան Գանատայի Ժառանգութեան նախարար Փապլօ Ռոտրիկէզի հետ: Մէկ ժամուան տեւողութեամբ հանդիպումին քննարկուեցան Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին […]

Արցախի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան Ի Պատիւ Ընդունելութիւն՝ Աւստրալիոյ Խորհրդարանին ՄԷջ

Երեքշաբթի, 30 Յուլիսին, Աւստրալիոյ մայրաքաղաք Քանպերայի՝ երկրին Դաշնակցային խորհրդարանին մէջ, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ՝ պատգամաւորներ Թրենտ Զիմերմանի եւ Ճօէլ Ֆիթցկիպընի կողմէ ընդունելութիւն կազմակերպուեցաւ ի պատիւ Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան: Ընդունելութեան […]

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Այցելեց Թիֆլիսի Սբ. Էջմիածին Եկեղեցի

Վրաստան կատարած երկօրեայ պաշտօնական այցին ծիրէն ներս՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, 2019 Յուլիս 24-ին, այցելեց Վիրահայոց թեմի Հաւլաբարի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցի: Վիրահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Կիրակոս վարդապետ Դաւթեանի […]

Թուրքիան Պէտք է Առերեսուի 1915-ի Հետ. Քիւրտ Պատգամաւոր

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդական (ԺԴԿ-HDP) կուսակցութեան Սիիրթ քաղաքէն ընտրուած ազգութեամբ քիւրտ պատգամաւոր Մերալ Դանըշ Պեշթաշ Սթոքհոլմի մէջ մասնակցած է ասորիներու ցեղասպանութեան նուիրուած ժողովին: Մինչ ժողովին մասնակցիլը, Պեշթաշ Շուէտի մէջ հանդիպած […]

Մուսա Լերան Հրաժեշտի Օրուան Նշում Եւ Վարդավառի Տօնախմբութիւն` Այնճարի Մէջ

Կիրակի, Յուլիս 28-ին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցումէն ետք, եկեղեցւոյ առջեւ տեղի ունեցաւ Անդաստան եւ աղաւնի թռցնելու արարողութիւն: Ապա յուշարձանի համալիրին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Մուսա […]

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Յոյն Ուղղափառ Համայնքի Տեղապահին

Երեքշաբթի, Յուլիս 23-ի առաւօտեան, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան այցելութիւն մը տուաւ Յոյն ողղափառ համայնքի առաջնորդական տեղապահ Մար Մուսա Խասի վարդապետին: Թեմակալ առաջնորդին ընկերակցեցաւ Արշակ քհնյ. Ալաճաճեան: Հանդիպման […]

Հարիւրաւոր Սփիւռքահայ Պատանիներ Կը Մասնակցին «Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրին

1 Յուլիսէն 25 Օգոստոս, «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրով աշխարհի զանազան ծայրերէն՝ Ֆրանսայէն, Պրազիլէն, Զուիցերիայէն, Կիպրոսէն, Իրանէն, Ռուսիայէն եւ շարք մը այլ երկիրներէ Հայաստան եկած հարիւրաւոր պատանիներ՝ Գրողներու Ծաղկաձորի ստեղծագործական տան […]

Համազգայինի Ուսանողական Ֆորումի Նպատակը Ազգային Արմատներուն Հաղորդակից Դարձնելն Է

Համազգային  Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արցախի  գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան կը յայտնէ, որ Համազգայինի Ուսանողական Ֆորումին մասնակցող սփիւռքահայ  երիտասրդները Արցախ եռօրեայ այցելութեան ընթացքին այցելեցին Ստեփանակերտի «Ղարաբաղ Կարպետ» գորգագործական ընկերութիւնը, […]

«Կրեմի» Թանգարանը Պիտի Նպաստէ Հայկական Երաժշտական Ժառանգութեան Պահպանման

«Կրեմի» թանգարանը կը տեղակացնէ, թէ այս տարի 200,000 տոլարի նպաստներ պիտի տրամադրէ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի տարածքին իրագործուող 15 ծրագրիներու, աջակցելու համար երաժշտական զանազան ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս նաեւ արխիւային եւ պահպանման […]

ԱՄՆ Նախագահի Թեկնածու Սենտըրզ Կը Խոստանայ Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին դեմոկրատ թեկնածուներէն Պըրնի Սենտըրզ յայտնեց, որ նախագահ ընտրուելու պարագային պատրաստ է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը հաղորդէ “Արմէնփրես”-ը: Ծերակուտական Սենտըրզ յայտարարութիւնը կատարեց Լոս Անճելըսի մէջ տրուած մամլոյ […]