Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Շաբթուան Բացման Հանդիսութեան

1908 թուականէն ի վեր, ամէն տարի, Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը կը յատկացուի աղօթքի՝ եկեղեցիներու միութեան համար: Աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ եկեղեցիներ աղօթքներու, շարականներու, աւետարանական ընթերցումներու եւ քարոզախօսութիւններու ճամբով կը շեշտեն […]

Ուաշինկթընի Մէջ ազրպէյճանի Դեսպանատան Դիմաց Հայերը Բողոքի Ցոյց Իրականացուցած են

ԱՄՆ հայ համայնքի ներկայացուցիչները Ուաշինկթընի մէջ ազրպէյճանի դեսպանատան մօտ ցոյց կազմակերպած են՝ Լաչինի միջանցքը բանալու կոչերով: «Փակած ենք Ուաշինկթընի 34-րդ փողոցը եւ արգելափակած երթեւեկութիւնը ազրպէյճանի դեսպանատան մուտքին եւ ելքին ուղղութեամբ։ […]

Զօրաշարժ Ի Խնդիր Արցախի Պաշտպանութեան․ Արամ Ա․ Կաթողիկոս

Արցախի պաշտպանութիւնը համահայկական անյետաձգելի հրամայական է այսօր. վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ: Արցախի հայութիւնը ինքնորոշման իր հաւաքական կամքը բազմիցս արտայայտած է: Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութիւնը ու անոր ընկերատնտեսական բարօրութեան օժանդակութիւնը […]

ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպած Արցախի Զօրակցական Հաւաքին Ներկայ Գտնուեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի Առողջապահութեան Նախարար Ատրիան Տիքս

Յունուար 14-ին, Վանգուվըրի քաղաքակեդրոնին մէջ կայացաւ Արցախի զօրակցութեան հաւաք, որուն ներկայ գտնուեցաւ եւ Արցախահայութեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց Պրիթիշ Գոլոմպիայի առողջապահութեան նախարարտ Ատրիան Տիքս։ Հաւաքը կազմակետպուած էր ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան […]

Արցախի Շրջափակման Հարցով Գանատայի Խորհրդարանի Ընդդիմադիր Կուսացկութիւնները Արտաքին Յարաբերութիւններու Մշտական ​​Յանձնաժողովի Արտահերթ Նիստ Կը Պահանջեն

Գանատայի ընդդիմադիր Պլոք Քեպէգուա կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ, Գանատայի խորհրդարանի երեք ընդդիմադիր կուսակցութիւնները՝ Պահպանողականները, Նոր Դեմոկրատներն ու Պլոք Քեպէգուան, Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական ​​յանձնաժողովի  արտահերթ նիստ կը պահանջեն, որպէսզի խորհրդակցութիւն կայանայ […]

Մեծ Բրիտանիոյ Մէջ Արցախի Շահերու Պաշտպանութեան Համար Իրականացուած Աշխատանքներ

Արցախի հանդէպ ազրպէյճանական հերթական յարձակումէն ետք, որ դրսեւորուեցաւ Արցախը արտաքին աշխարհէն ֆիզիքապէս մեկուսացնելով, ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները անմիջապէս ձեռնամուխ եղան ստեղծուած իրավիճակի հաղթահարման ուղղուած գործողութիւններու, որոնք միտուած են […]

Ծերակուտականները Դիմած են Պայտընի Վարչակազմին՝ Արցախ Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկելու Պահանջով

ԱՄՆ ծերակուտականներ Պոպ Մենենտես եւ Ճէք Ռիտ՝ համապատասխանաբար Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի եւ Զինուած ծառայութիւններու յանձնաժողովներու նախագահները կոչ ըրած են Պայտընի վարչակազմին շտապ օգնութիւն ուղարկելու Արցախ (Լեռնային Ղարաբաղ) եւ զօրացնելու […]

ազրպէյճանի Քայլը Պէտք է Դատապարտուի Միջազգային Ընտանիքին Կողմէ․ Մուրատ Փափազեան (տեսանիւթ)

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան «Երկիր Մեդիա»-ի ուղիղ տեսակապով մանրամասներ ներկայացուցած է Յունուար 10-ին Ֆրանսայի խորհրդարանին առջեւ Լաչինի հարցով տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին վերաբերեալ: […]

Բրիտանահայ Մարդասիրական Խումբը Երկրի Խորհրդարանին Առջեւ Ցոյց Ըրած է՝ Արցախի Իրավիճակին Մասին Իրազեկելու Նպատակով

Բրիտանահայ մարդասիրական խումբը 7 ժամ անընդմէջ բողոքի ցոյց ըրած է Բրիտանիոյ խորհրդարանի շէնքին առջեւ, Որպէսզի բարձրացնէ իրազեկութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդի տառապանքներուն վերաբերեալ: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած են բրիտանահայ մարդասիրական […]

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը ԱՄՆ-ին Առաջարկած է Անհրաժեշտ Օժանդակութիւն Կատարել Բերձորի Միջանցքը Վերաբանալու Աշխատանքներուն Գծով

Այսօր՝ Չորեքշաբթի, 11 Յունուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորոթի Շիան: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ դեսպանին փոխանորդը եւ մարդկային իրաւանց պատասխանատու Կայ Լին: […]