Category: Սփիւռք
Հայ Երգչուհի Զիլան Տիգրիսը Փլատակներու Մէջ Մահացած Գտած Են
Թուրքիոյ մէջ Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով զոհուած հայերու թիւին աւելցաւ նաեւ հայ երգչուհի Զիլան Տիգրիսը։ Տիգրանակերտի մէջ երգչուհին եւ իր ամուսինը մահացած գտած են փլատակներու մէջ։ Այս մասին […]
Բոլորիս Պարտքն է Հալէպահայութեան Կողքին Կանգնիլ․ Հաղորդագրութիւն Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդր․ Վարչութեան
Միջին Արեւելքը հարուածած երկրաշարժը դժնդակ կացութեան մատնած է արդէն իսկ տնտեսական, ընկերային եւ կենցաղային բազմաթիւ տագնապներ դիմագրաւող հալէպահայութիւնը, որ 2011-էն ի վեր կ’անցնի սուրիական պատերազմի ահաւոր փորձութիւններուն ընդմէջէն։ Երկրաշարժը ծանր […]
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Պիտի Շարունակէ Իր Ամբողջական Զօրակցութիւնն ու Աջակցութիւնը Սուրիոյ Մեր Սիրելի Ժողովուրդին․ Արամ Ա․
Սիրելի զաւակներ հայ ազգի, Մտահոգութեամբ եւ մօտէն կը հետեւիմ երկրաշարժին պատճառած ահաւոր քանդումներուն ու աւերին։ Սուրիոյ տագնապի ընթացքին, մեր համայնքի զաւակները մնացին կանգուն ու կազմակերպ՝ համախմբուած մեր եկեղեցւոյ ու համայնքային […]
Քեպէգի Ազգային Ժողովը Միաձայնութեամբ Ընդունեց Արցախի Շրջափակումը Դատապարտող Բանաձեւ
Փետրուար 8-ին կայացած Գանատայի Քեպէգ նահանգի Ազգային Ժողովի նիստին ընթացքին, Ազատական կուսակցութեան անդամ Սոնա Լախոյեան ընթերցեց ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը դատապարտող բանաձեւ մը, որ ընդունուեցաւ Ազգային Ժողովի բոլոր կուսակցութիւններուն կողմէ։ […]
Երկու Մուսալեռցի՝ Զոհ Երկրաշարժին
Քիչ առաջ, Մուսա լերան Մագըֆ գիւղի գիւղապետ Պերճ Գարթունը հաստատեց, թէ երկու մուսալեռցի զոհ գացած են երկրաշարժին՝ ոչ Մուսա լերան մէջ, այլ՝ ուրիշ քաղաքներու։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Եսայի […]
Սրբազան Հօր Այցելութիւնը Հալէպի Հայ Ծերանոցի Տարեցներուն
Չորեքշաբթի, 8 Փետրուար 2023-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, զօրակցական այցելութիւններու շրջագիծէն ներս այցելութիւն տուաւ նաեւ Հայ Ծերանոցի […]
Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ցաւակցութիւն Կը Յայտնէ Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին
Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին յղած ցաւակցագիրով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իր խորազգաց վշտակցութիւնը կը յայտնէ Սուրիան հարուածած ծանր երկրաշարժին […]
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Երկրաշարժէն Փրկուած Վիրաւոր Հայորդիներուն
Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, ազգայիններու եւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանի այցելեց […]
Միայն Անկոտրում Կամքով Հնարաւոր Պիտի Ըլլայ Կանխել Մարդկայնական Աղէտը. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Փետրուար 7-ին, հեռախօսազրոյց ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա-ի հետ։ Երկրի ղեկավարը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ներկայացուցած է ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքը […]
Սուրիոյ Մէջ Երկրաշարժի Զոհերուն Թիւը 812-ի Հասաւ
Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութեան տուեալներով Երեքշաբթի, 7 Փետրուարի առաւօտեան երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասաւ 812-ի, վիրաւորներունը՝ 1449-ի։ Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Համայի մէջ երէկ գիշեր մինչեւ առաւօտ միջին ուժգնութեամբ յետ-ցնցումները շարունակուեցան, իսկ առաւօտեան […]










