Հալէպի Բնակչութեան Մեծամասնութիւնը Երէկ Գիշեր Անցուց Բնակարաններէն Դուրս՝ Ակումբներու եւ Եկեղեցիներու Մէջ

Երէկ երեկոյեան մինչեւ լուսաբաց երկրաշարժի թեթեւ յետցնցումները շարունակուեցան պարբերաբար։ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»-ի տեղեկութիւններով՝ Հալէպի բնակչութեան մեծամասնութիւնը ինքնաշարժներու, ազգային միութենական կառոյցներու, ինչպէս նաեւ պետութեան տրամադրած ապաստարաններուն մէջ անցուց ողջ գիշերը։

Անգամ Մը Եւս Մեր Զօրակցութիւնն ու Աջակցութիւնը Կը Յայտնենք Սուրիահայ Գաղութին, Որ Կրկին Անգամ Կը Գտնուի Ծանր Պայմաններու Մէջ․ ՀՕՄ

Հայ Օգնութեան Միութիւնը մեծ յուզմունքով կը հետեւի Փետրուար 6, 2023-ին, վաղ առաւօտեան Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ պատահած 7.8 ուժգնութեամբ ցնցած երկրաշարժին աղէտալի հետեւանքներուն: Հիւսիսային Սուրիոյ քաղաքները՝ մանաւանդ Հալէպը, մեծապէս ցնցուած […]

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Մօտէն Կը Հետեւի Սուրիոյ Մէջ Երկրաշարժին Յառաջացուցած Մարդկային եւ Նիւթական Վնասներուն

Երկուշաբթի, 6 Փետրուար 2023-ին, ամբողջ օրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրիոյ հայ համայնքի հոգեւոր ու աշխարհական պատասխանատուներուն հետ մնայուն կապի մէջ եղաւ՝ մօտէն հետեւելով երկրաշարժին յառաջացուցած վնասներուն ու աւերներուն։ […]

Մեր Զօրակցութիւնը Կը Հայտնենք Սուրիահայ Մեր Քոյրերուն եւ Եղբայրներուն․ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւն

Այսօր առաւօտեան տեղեկացանք ուժեղ երկրաշարժի հետեւանքով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած մարդկային զոհերուն եւ աւերածութիւններուն մասին։ Մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին եւ մեր զօրակցութիւնը՝ սուրիահայ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն։

Կարեւոր Է Ե՛ւ 3 Միլիոնը, Ե՛ւ 120 Հազարը, Ե՛ւ Մէկ Հայը՝ Ըլլան Անոնք ՀՀ-ի, Արցախի, Սուրիոյ, Թէ Առհասարակ՝ Հայկական Աշխարհի Մէջ. Վարդանեան

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան կը գրէ. «Աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Թուրքիոյ մէջ կան բազմաթիւ մարդկային զոհեր, նաեւ հայութեան մէջ: Կը ցաւակցիմ ողբերգական աղէտի բոլոր զոհերու ընտանիքներուն […]

Հ.Յ.Դ. Ուսանողական, Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւններու Համագումարին Հաղորդագրութիւնը

Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Բ.-ի Երիտասարդական Խորհուրդին եւ Գրասենեակին 6 Փետրուար 2023-ին, Երեւանի մէջ, մեկնարկը կատարուեցաւ Հ.Յ.Դ. ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու համագումարին: Տարբեր տարածաշրջաններէ (14 երկրէ) համագումարին կը մասնակցին Հ.Յ.Դ. երիտասարդական, […]

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ Արցախի Շրջափակումը ազրպէյճանի Կողմէ

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը կըդա­տա­պար­տէ Ար­ցա­խի շրջա­փա­կու­մը ազր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ազր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման 53-րդ­ օ­րը Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը տա­րա­ծեց յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, ո­րուն հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն տար­բե­րակ­նե­րը կու­ […]

Արցախահայութեան Ոտնահարուած Իրաւունքներու Վերականգման Համար Մեր Առաքելութիւնը Պիտի Շարունակենք․ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հետեւողական աշխատանքներուն շնորհիւ, 25 Յունուարին, Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը գումարեց երկու առանձին նիստ՝ քննարկելու ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շարունակուող շրջափակումը։ Այս մէկը պատմական […]

Դարեր Առաջ Հաստատուած Տօնը Կարծես Թէ Ազգի Փրկութեան Բանալիներ ու Բանաձեւեր Կու տայ Ներկայ Ժամանակին Համար․ Արցախի Թեմի Առաջնորդ

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանես եպիսկոպոս Աբրահամեան՝ Սուրբ Սարգիսի տօնին առիթով՝ աղօթք ու շնորհաւորանք յղած է երիտասարդներուն։ «Բազմիմաստ ու անչափ կարեւոր է այս տօնին խորհուրդը յատկապէս ներկայ օրերուն, երբ մեր երկիրը […]

Եղիշէ Մանուկեան Ազգային Քոլեճի Աշակերտները Կը Զօրակցին Արցախին Ու Արցախահայերուն (Լիբանան)

«ԱԶԴԱԿ» 25 Յունուար 2023-ը սովորական դասընթացի օր մը չէր Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտութեան համար: Առաւօտեան ժամերէն սկսեալ տարբեր մթնոլորտ մը կը տիրէր. ամէն կողմ` Հայաստանի ու Արցախի դրօշակներ, պաստառներ, […]