Յիշելով Եւ Պահանջելով…Սրբազան Օրը

“ՀԱՅՐԵՆԻՔ”- ի Խմբագրական Օր, ամիս, թուական… 28 Մայիսը իւրայատուկ է եւ այդ նկարագրականէն աւելի դուրս եկող, գրեթէ երեք տարուայ տեւողութիւն ունեցող հասկացողութիւն մըն է: Դարեր շարունակ անկախութէնէ զրկուած Հայաստանի Հանրապետութեան […]

Մայիս 28-ը Մեր Անցեա՛լն Է, Ներկա՛ն Ու Ապագա՛ն

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Մեր պատմութեան մէջ արձանագրուած են դէպքեր, իրագործումներ, թուականներ, որոնք իրենց մէջ խտացուցած են ո՛չ միայն տուեալ փուլը, այլ նաեւ` ամբողջ պատմութիւնը, առաւել` ժողովուրդին նկարագիրն ու զգացումները, ապրումները, տենչերը, […]

Զոհէն Հերոսի Հաւաքական Կերպարանափոխումը (Հայաստանի Հանրապետութեան 102-Ամեակին Առիթով)

«Ազդակ»-ի խմբագրական Գիւմրիի մէջ հայ արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանի արձանի բացումը իբրեւ խորհուրդ կը կապուի մայիսքսանութեան աւանդներուն հետ: Արդարահատուցման որոշումը կը կայանար անկախ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ: Մայիս 28-ի խորհուրդի ընկալումը […]

Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Մոռցուած Օրակարգը

«Ասպարէզ»-ի խմբագրական Յառաջիկայ օրերուն, ազգովին պիտի նշենք Հայաստանի  անկախ առաջին Հանրապետութեան հռչակման 102-րդ տարեդարձը: 102 տարիներ առաջ, մեր ժողովուրդին համար, ամէն առումով դժուար ու անբարենպաստ պայմաններու մէջ նուաճուած Հայաստանի անկախ […]

Անդրադարձ. Սպասելով Արշալոյսին Եւ Նոր Պայքարին

Վահրամ Էմմիեան «Համբերութիւնը դառն է, սակայն անոր պտուղը քաղցր է», կ՛ըսէ ֆրանսական առածը, ուստի իւրաքանչիւր լիբանանցի, ինչպէս որեւէ այլ մարդ արարած, համբերութեամբ կը սպասէ «ՔՈՎԻՏ-19»¬ի համաճարակի ստեղծած խաւարին աւարտը հռչակող […]

1891թ. Մայիս 27-ին Վախճանեցաւ Հայ Երգիծաբանութեան Աստուած Յակոբ Պարոնեանը

Սուրբ Յակոբ Պարոնեան, հայ մտաւորականութեան խիզախութեան հերոս, որ երբ մահացաւ, գրպանին մէջ սոխ ու հաց գտած էին: Երուանդ օտեան, որ ապրեցաւ Տէր-Զօրի դժոխքը եւ հրաշքով ողջ մնաց ու մահացաւ 1926 թ., երբ 60 տարի ալ չէր ապրած: Սարուխանը, անոնց գործը նկարազարդելով եւ հրապարակելով, աւելի մատչելի դարձուծած է: Իր տեղը ուղիղ անոնց կողքն է: Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ Լեռ Կամսարը, որ բանտին մէջ անգամ մէկ րոպէ չէ մոռցած, որ ինքը իր ժողովուրդին պաշտպանն է, իսկ երբ չեկայի դժոխքէն ողջ մնացած վերադարձաւ ազատութիւն կոչուած բանտը, մեր «մտաւորականութիւնը» անոր հետ ինչպէ՞ս կը վարուէր. կարծես Լեռ Կամսարը գոյութիւն չուներ: Այո՛, եթե կար բան մը, որ գոյութիւն չուներ Հայաստանի մէջ, ատիկա գրողներու միութիւնն էր իր գրողներով: Անշուշտ, երբ բժիշկը չկայ, հիւանդը կը մահանայ: Պարոնեան, Օտեան, Լեռ Կամսար, Սարուխան մեր բժիշկներն էին: ՀՀ ժողովրդական գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեան                                     Պարոնեանի Նամակը Լեռ Կամսարին Երկինքեն Պարոնեանը նամակ մը […]

Տօն Է Բազմաշխատ՝ Մահուան Գէորգին, Սասնոյ Հարազատ Մեծանուն Քաջին

Սեդօ Պոյաճեան Ծնողքը կը փափաքէր գրել, կարդալ սորվի, որպէսզի քահանայ ձեռնադրուի։ Այդ նպատակով, 1876ի Մայիսի 14ին, պատանի հասակին, զինք ղրկեցին Մշոյ Ս. Առաքելոց Վանքը։ Հոն հանդիպեցաւ Արաբոյին եւ այլ ֆետայիներուն։ […]

Պետիկ Ինճէեանը Ապացուցեց, Թէ Հայ Ժողովուրդի Զաւակները Պիտի Պայքարին Մինչեւ Ստանան Իրենց Արդար Իրաւունքը

Ան զաւակն էր Յովհաննէս եւ Ալիս Ինճէեաններուն, ծնած 3 Նոյեմբեր 1950-ին, Այնճար։ Փոքր տարիքէն յատուկ սէր ցուցաբերած էր մարզանքին եւ որսին հանդէպ, որ հետագային արտայայտուեցաւ ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՅԴ.-ի իր անդամակցութեամբ […]

1907-ի Մայիս 27-ին Նահատակուեցաւ Գէորգ Չաւուշ

 Գէորգ Թորոյեան Հայ յեղափոխութեան եւ հայ ֆետայութեան պատմութեան ամէնէն ինքնատիպ դէմքերէն է Գէորգ Չաւուշը: Անոր գործունէութիւնը վարակիչ եղած է թէ՛ կենդանութեան եւ թէ՛ նահատակութենէն ետք: Իր մասին կան գրուած գիրքեր: […]