Մտորումներ. Երնէ՜կ «Սեւր»-ին Ափսո՛ս «Արցախ»-ին (101-Ամեակ). Համբիկ Պիլալեան

Ո՛չ, վերի չակերտները պէտք չէ մտահոգեն մեզ, որովհետեւ Սեւրի դաշնագիրը իր պատմաքաղաքական արժեհամակարգով եւ Արցախը իր պատկանելիութեամբ կը մնան, պէ՛տք է մնան ազգային կեանքը հունաւորող անփոխարինելի ուղիներ: Մէկը` իր միջազգային […]

Ակնարկ.- Նոր Ազգային Ժողովին Դիմաստուերը Եւ… Շան Մը Պատմութիւնը (Ս. Մահսէրէճեան)

20 Յունիսին ընտրուած՝ Հայաստանի Ազգային ժողովը բոլորեց աշխատանքի առաջին շաբաթը եւ անոր դիմաստուերին բազմաթիւ գիծերը յստակացան: Նպատակ չունինք մանրամասնօրէն արձանագրելու առաջին օրերու անցուդարձերը, այլ փորձ պիտի կատարենք վեր առնելու քանի […]

Սփիւռքի Հայրենասիրութիւնը Յաճախ Կը Դրսեւորուի Որպէս «Իշխանաւորասիրութիւն» (Յ. Պալեան)

Քաղաքական մարդոց համար ծուղակը իրենք զիրենք անխոցելի եւ անհպելի համարել է: Այդ կ’առաջնորդէ անտեսելու ստորադաս համարուած բաներ: Ռոլան Տիւմա, Ֆրանսայի նախկին արտաքին գործոց նախարար             Քաղաքական գործիչին եւ քաղաքացիին համար, […]

Երգի Մը Պատմութիւնը. «Կելիեկիւզան Տուման Է» Սրտառուչ Երգին Անժամանցելի Պատգամը (Աւօ Գաթրճեան)

Հայ ժողովուրդը Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան ընթացքին դարեր շարունակ ենթարկուած է ճնշումի, կոտորածի, ջարդի ու բռնագաղթի քաղաքականութեան: Թրքական լուծին տակ ճնշուած հայը, երբ ուզեց ազատագրուիլ անգութ թշնամիին գերութենէն, բահը մէկ կողմ […]

Ազգային Ժողովի Պատերէն Անդին… («Հայրենիք»)

Խմբագրական «Բոլոր բանավէճերուն, թող ճշմարտութիւնը քու նպատակդ ըլլայ, ոչ թէ յաղթանակը կամ անարդար շահը» Ուիլիըմ Փէն (բրիտանացի գրագէտ եւ հանճար, 1644 – 1718) Աւելի քան երեք դար առաջ, Ուիլիըմ Փէն […]

Անորոշ Վաղորդայններ Հայաստան, Կովկաս, Եւրոպա, Ամերիկա, Ասիա եւ Այլուր (Յ. Պալեան)

Աթաթիւրքէն Էրտողան, զօրանոցէն մզկիթ, իսլամի  ազգայնացումէն ազգի ազգի իսլամացում, Եւրոպայէն Ումմա, ՆԱԹՕ-էն խալիֆայութիւն, ահաւասիկ Թուրքիոյ թաքուն դէմքը (կողքի 4րդ էջ)             Ոչ ոք ինքզինք թող խաբէ, ոչ ոք գաղջ խօսքերով մեզ […]

Արեւմտահայերէն… Սփիւռքահայ Գրականութիւն… (3). (Յակոբ Չոլաքեան)

Տա­րագ­րու­թեան ճամ­բա­նե­րուն վրայ դե­գե­րող վե­րապ­րող­նե­րը եւ յա­ջոր­դող տաս­նամ­եակ­նե­րուն իրա­րու ետե­ւէ կա­տար­ուած գաղ­թե­րը (Կի­լիկ­եան պար­պում, ներ­քին գա­ւառ­նե­րէն հա­յոց ներ­հոսք դէ­պի Սուր­իա, Լի­բա­նան եւ Իրաք, 1939-ին Աղեք­սանդ­րէ­թի սան­ճա­քի հա­յա­թա­փում) բազ­մա­պատ­կե­ցին ՄԵՐ­ՁԱ­ՒՈՐ ԱՐԵ­ՒԵԼ­Քի […]

Հաւատանք Կամ Ոչ…Պատմութիւնը Ինքզինք Կը Կրկնէ (Գէորգ Պետիկեան)

Երիտասարդութեանս, հետաքրքիր եւ պահանջկոտ ակնարկներովս սորված էի, որ իր անկախութենէն ի վեր, Միացեալ Նահանգներու նախագահներու ամբողջ ցանկին մէջէն, պատմաբանները երեւան հանած էին երկու նախագահներու անուն, որոնք ոչ միայն ունեցած էին […]

Հաւաքական Յոյս` Վերականգնումի. «Ազդակ»

Խմբագրական Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը աշխարհի տարածքին որոտացած պայթումներուն մէջ իր հզօրութեամբ, տարողութեամբ եւ գործած աւերով կը գրաւէ առաջին հորիզոնականները: Պայթումի ատեն արդէն Լիբանանը ենթարկուած էր տնտեսական պաշարումի, ինչ որ յաւելեալ […]

«Ասիկա Իրական Չէ, Չէ՞…» (Նորա Բարսեղեան)

– Արա՛, այս ֆիլմերուն մէջ ինչպիսի՞ նկարահանումներ կրնան ընել, որ ամբողջ քաղաք մը քարուքանդ ըլլայ, ամէն մարդ վնասուի, քաոս տիրէ ամէնուրեք, այսքա՜ն տակնուվրայութիւն… Վստահ ասիկա իրական չեն նկարեր, այլապէս ինչպէ՞ս […]