Սեւրն Ու Սահմանագծումի Խորհուրդը. «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Սեւրի պայմանագիրի հերթական նշումը անպայման մեր հաւաքական մտածողութեան մէջ նախ եւ առաջ մտաբերել կու տայ Թուրքիոյ հետ սահմանագծման իրաւաքաղաքական գործընթացը: Այն շրջադարձային պատմական փուլը, որ հիմքն է տարածքային առումով մեր պատմական իրաւունքներու վերականգնման:

Սեւրի պայմանագիրի ստորագրումէն ամիսներ առաջ Սան Ռեմոյի համագումարին արդէն սկսած էր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանի յստակացման հարցով իրաւարարութեան գործընթացը: Այդ գործընթացն է փաստօրէն, որ յանգեցաւ Ուիլսընի իրաւարարութեան: Ըստ էութեան ուրեմն, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանագծումի գործընթացը սկսաւ Սան Ռեմոյի մէջ:

Անշուշտ նկատի պէտք է ունենալ միջազգային-շրջանային պայմանները: Խօսքը հիմնականին մէջ Անտանտի երկիրներու Թուրքիոյ նկատմամբ որդեգրած ընդհանուր քաղաքականութեան կը վերաբերի: Բայց կար նաեւ երկու տարի առաջ հայկական համազգային ծառացումը թրքական բանակներուն դէմ եւ հրաշքի կերտումը: Հայոց բանակի յաղթանակը: Քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութեան համատեղումը: Ազգ-բանակի առարկայացումը:

Հիմա դարձեալ այլ պայմաններու մէջ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացներու առջեւ կանգնած ենք: Բոլորովին այլ պայմաններու մէջ: Թէեւ այժմ խօսքը Հայաստանի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան սահմանազատման մասին է, բայց պարզ է, որ յաջորդ պայմանագիրը, այլ տեսքով, փաստացի այսօրուան սահմաններու փոխճանաչում ենթադրող պայմանագիրով այս անգամ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Թուրքիա ձեւաչափով պիտի ներկայանայ իբրեւ  օրակարգ:

Երկու գործընթացներն ալ մեծ վտանգ կը պարունակեն իրենց մէջ: Առաջինը, առանց Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման, կ՛ենթադրէ բանակցութիւններու աւարտ եւ այդպիսով Արցախի ճանաչում` Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

Երկրորդը, խորքին մէջ Սեւրի պայմանագիրի եւ անոր հիման վրայ Սան Ռեմոյի մէջ սկսած եւ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ աւարտած Թուրքիոյ հետ սահմանագծման իրաւական աքթի չեղեալ նկատում:

Եթէ յատուկ պայմանագիրով Երեւանը ճանչնայ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու այսօրուան սահմանները, ապա հրաժարած կ՛ըլլայ Սեւրէն եւ Ուիլսընեան վճիռէն: Առ ոչինչ յայտարարուած կ՛ըլլայ պատմական իրաւունքներու տարածքային բաժինը:

Անգարա-Պաքուի Շուշիի միացեալ հռչակագիրին մէջ առկայ էին թրքական նախապայմանները: Այդ նախապայմաններուն մաս կը կազմեն անշուշտ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ փաստացի սահմաններու պաշտօնական ճանաչումը Երեւանի կողմէ:

Այս օրակարգի առարկայացումը Թուրքիոյ կողմէ յատուկ կարեւորութիւն ունի: Երեւանը հակասած կ՛ըլլայ նախ Անկախութեան հռչակագիրի նախաբանին, ուր ամրագրուած են համայն հայութեան իղձերն ու պատմական իրաւունքներու խնդիրը: Հակասած կ՛ըլլայ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրին, ուր Սեւրն ու Ուիլսընեան վճիռը բանաձեւուած են իբրեւ մեր իրաւաքաղաքական աշխատանքներու կարեւոր նախադրեալ:

Նման ստորագրութիւն մը յօդս ցնդիլ կու տայ նաեւ բարձրագոյն պաշտօնեաներու կողմէ ո՛չ միայն Սեւրին յղում կատարած յայտարարութիւնները, այլ նաեւ հայրենազրկում եզրոյթով փոխանցուող ամբողջ գաղափարախօսական առաջադրանք մը:

Սեւրը այսօր ամէնէն շատ ա՛յս զգուշացումները կը փոխանցէ: