ԱՄՆ Քոնկրեսականները Կը Պահանջեն Դադրեցնել ԱԹՍ-ներու Արտահանման Արտօնութիւնը Թուրքիոյ

Աշխարհ

Ամերիկացի 27 քոնկրեսական Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին նամակ յղած է, ուր կոչ կ՝ընէ արգելք կիրառելու Թուրքիոյ նկատմամբ, նշելով, որ «Թրքական ԱԹՍ-ները վտանգ կը ներկայացնեն ԱՄՆ-ի, անոր դաշնակիցներուն համար»։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

27 քոնկրեսական ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարին կոչ ըրած է դադրեցնելու անօդաչու թռչող սարքերու՝ Թուրքիա արտահանման արտօնագրերու տրամադրումը, մինչեւ չաւարտի  Կովկասի, Հարաւային Ասիոյ, Արեւելեան Միջերկրական ծովու եւ ամբողջ աշխարհի մէջ թրքական անօդաչու սարքերու ծրագրերու ապակայունացնող դերին պաշտօնական հետաքննութիւնը:

Նամակին մէջ յիշատակուած է, որ Թուրքիան  խախտած է ՆԱԹՕ-ի դրոյթները, գնելով ռուսական S-400 զենիթահրթիռային ՀՕՊ համակարգեր Ռուսիայէն։  Քոնկրեսականները նշած են, որ Թուրքիոյ նկատմամբ ռուսական համակարգերու պատճառով սահմանուեցան պատժամիջոցներ եւ հակառակ անոր, Անգարան կը շարունակէ մնալ ՆԱԹՕ-ի կազմին մէջ։