«Հին ու Նոր Գիւմրի» Թատերախումբը Բարեգործական Ներկայացումներով Հայաստանի Սահմանամերձ Համայնքներ Կ՝այցելէ

Այլեւայլ, Հայաստան

«Հին ու նոր Գիւմրի» թատերախումբը կրկին բարեգործական ներկայացումներով կը գտնուի Հայաստանի սահմանամերձ համայնքներ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

12 տարի առաջ, ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Ռաֆայէլ Խառատեանի նախաձեռնութեամբ ձեւաւորուեցաւ «Հին ու նոր Գիւմրի»ն, թատերախումբը համալրեցին սիրուած եւ հանրածանօթ, վաստակաշատ դերասաններ, խումբ ներգրաւուեցան նաեւ երգիչ-կատարողներ։ Իրական կեանքէ վերցուած, զուարճալի եւ ուսուցողական մանրապատում-ներկայացումները շատ արագ ընդունուեցան ու սիրուեցան հանդիսատեսին կողմէ։ Սկսան իրար յաջորդել բազմաթիւ հիւրախաղեր՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Խումբը դարձաւ կուռ ընտանիք մը՝ նպատակ ունենալով ժպիտ եւ ուրախութիւն պարգեւել հանդիսատեսին։

«Հին ու նոր Գիւմրի» խումբին այցելութիւնները մարզեր եւ Արցախ աշխարհ, կը կրէ մշտական բնոյթ։ Արտիստները կարօտով ու յուզուած կը յիշեն, թէ ինչ սիրով ու նուիրումով կ՝այցելէին Արցախի մէջ տեղակայուած զօրամասեր։ Շուշիի մշակոյթի տան բեմը ամենասիրելիներէն դրաձած էր իրենց համար։ Համավարակն ու չարաբաստիկ պատերազմը մէկ տարիէն աւելի է, որ լռեցուցած էր թատերախումբը, սակայն արուեստագէտը բեմին տուած երդում ունի՝ ծառայել ժողովուրդին, խաղալ ու թատրոն բերել մարդոց, ինչ ալ որ պատահի։

․․․Եւ, 2021 Օգոստոս 1-էն թատերախումբը կրկին բեմի վրայ է։ Խումբի ղեկավար Ռաֆայէլ Խառատեան կը նշէ, որ իրենք պարզապէս իրաւունք չունին լռելու, թատրոնը սրբավայր է, ուր եկողը կը մաքրագործուի ու կը վերաիմաստաւորուի կեանքը, առաջ կը նայի ու կը լեցուի լաւատեսութեամբ։

Բարեգործական ներկայացումներու ծախսերը հոգալու հարցով իր մեծ դերը ունեցած է ծնունդով Գիւմրեցի, «Ալկալիդա տուրիզմ» զբօսաշրջական գործակալութեան հիմնադիր եւ սեփականատէր Սիրակ Մուրատեանը, որ թէեւ կ՝ապրի ու կ՝աշխատի արտասահմանի մէջ, բայց սիրով կը հոգայ շրջագայութիւններուն ծախսերը։

Օգոստոս 1-ին թատերախումբը ելոյթ ունեցաւ սահմանամերձ Բերդ քաղաքին մէջ, ուր հոգսաշատ ու ապրելու պայքար մղող հանդիսատեսը քիչ մը կտրուեցաւ առօրեայ հոգերէն, ժպտաց ու կեանքին նայեցաւ նոր գոյներով։

Յաջորդ ներկայացումը Իջեւան քաղաքի մէջ էր, զինուորներու ու հանդիսատեսի համար օրը անցաւ ուրախ, այստեղ նոյնպէս հանդիսատեսը ցանկութիւն յայտնեց կրկին հիւրնկալելու սիրուած դերասանները։

Միօրեայ դադարէ ետք՝ թատերախումբը ուղղութիւն վերցուց դէպի Սպիտակ քաղաք, ուրախ ներկայացումն ու երաժշտական կատարումները ծիծաղ ու բարձր տրամադրութիւն պարգեւեցին հանդիսատեսին։

Ներկայացումներու շարքը եզրափակուեցաւ Արարատ քաղաքին մէջ, հանդիսատեսի ջերմ ընդունելութիւնը կը յուշէ, որ ներկայացումները շարունակութիւն կը պահանջեն։