Մտորումներ. Երնէ՜կ «Սեւր»-ին Ափսո՛ս «Արցախ»-ին (101-Ամեակ). Համբիկ Պիլալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ո՛չ, վերի չակերտները պէտք չէ մտահոգեն մեզ, որովհետեւ Սեւրի դաշնագիրը իր պատմաքաղաքական արժեհամակարգով եւ Արցախը իր պատկանելիութեամբ կը մնան, պէ՛տք է մնան ազգային կեանքը հունաւորող անփոխարինելի ուղիներ: Մէկը` իր միջազգային տարողութեամբ ըմբռնելի, իսկ միւսը` համահայկական իր կարեւորութեամբ անշրջանցելի:

Սակայն երկուքին պարագային, միանշանակ, պահուածքով եւ հրամայականով դէմ յանդիման գտնուած են ապաշնորհ կացութիւններու թէ աշխարհաքաղաքական նկրտումներու, որոնց իբրեւ հետեւանք ազգ մը ամբողջ կորսնցուցած է իր քաղաքական, աշխարհագրական, ազգային, մշակութային եւ իրաւական արդարացիութիւնը:

Այո՛, երնէկ սեւրեան ժամանակներուն, որովհետեւ օրին քաղաքական կեանքի նժարին վրայ էր հայ ազգը իր անասելի զոհողութեամբ եւ ապրելու իր իրաւունքը պաշտպանելու գիտակցութեամբ:

Իսկ այսօր, ափսո՛ս Արցախին, որուն տրուած աներեւակայելի հարուածով (2020-ին) կարծես, միջազգային ընտանիքը (լուռ մեղսակցութեամբ) ուզեց լռութեան մատնել հայութեան ըմբոստ ոգին եւ վերջ մը դնել մեր դարաւոր երազանքին` Արեւմտահայաստանի վերատիրացումին:

Այլ խօսքով` եթէ երբեք Սեւրի դաշնագիրը ամրագրեց հայոց քաղաքական եւ իրաւական պաշտպանուածութիւնը, ապա արցախեան ազատագրական պայքարը հիմնաքարը հանդիսացաւ վերատիրանալու 100 տարի առաջ քարտէսագրուած եւ միջազգային հանրութեան կողմէ վաւերացուած ազգի իրաւունքին` բռնագրաւուած հայրենիքի ազատագրումին:

10 օգոստոս 1920:

Ճիշդ է, որ Սեւրի դաշնագիրը ծնունդն էր հզօր պետութիւններու որոշումին, եւ,  այսպէս ըսած, անոնց պատկերացումն էր Հայ դատի լուծման, դարաւոր իրաւունքի ձեռքբերման եւ հայոց պետականութեան ամրագրման, այդուհանդերձ, անիկա մնաց սպիտակ թուղթի վրայ արձանագրուած ժառանգ մը, այլապէս աւանդ մը հետագայ սերունդներու իբրեւ  արդարահատուցման ամբողջական վաւերագիր:

Յետ Համաշխարհային Առաջին պատերազմին եւ Օսմանեան կայսրութեան փլուզումին, երբեմնի աշխարհաքաղաքական հին համակարգը կը ձեւափոխուէր  Սայքս Փիքօ կոչուած համաձայնագիրով (16 մայիս 1916), աւելի՛ն. կը գծուէր նոր Մերձաւոր Արեւելք մը` պատճառ դառնալով գաղութարար ալիքներու ստեղծումին:

Մէկ կողմէ գերմանաթրքական զինակցութիւնը ուժեղ ապտակ մը ստացած էր, միւս կողմէ` Մուտրոսի համաձայնագիրով (30 հոկտեմբեր 1918), արդէն հողային զիջումներու դէմ յանդիման կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութիւնը:

Հայութիւնը ապրած էր արդէն պատերազմի ահաւորութիւնը եւ վճարած էր  արեան սոսկալի գին (1,5 միլիոն նահատակ) եւ կորսնցուցած դարաւոր հայրենիք: Սակայն, հայոց ազգը պահելով իր ներքին ուժին ու կամքին հզօրութիւնը, կրցած էր կերտել անկախ հայրենիք ու ստեղծել պետականութիւն` ապագայ սերունդներու ժառանգելով ազատ ու անկախ ապրելու հայաբոյր տեսլականը:

Սեւրի մէջ (Փարիզի մօտ) 18 երկիրներու ներկայացուցիչներ կը ստորագրէին դարու ամէնէն յիշատակելի փաստաթուղթը: Զինադադարէն ետք, Դաշնակից ուժեր կը նախաձեռնէին նման դաշնագիրի մը վաւերացումին, խորքին մէջ զարկ տալով նորովի քարտէսագրութեան: Ու ահա, աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակի մը ծնունդ կը հանդիսանար հետագայի Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը (22 նոյեմբեր 1920), ուր յստակ եւ արդարօրէն կը գծուէր Նոր Հայաստանի իրաւաքաղաքական քարտէսը:

Սեւրի դաշնագիրով եւ համապատասխան յօդուածներով (88-93) հայութիւնը կը վերատիրանար իր իրաւունքին` Վանին, Բաղէշին, Կարինին եւ Տրապիզոնի վրայով դէպի ծով ելք մը ունենալու հրամայական պահանջին:

Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Աւետիս Ահարոնեանի գրիչով ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը, որ կը կրէ նաեւ Դաշնակից ուժերու ստորագրութիւնն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կնիքը, հայ-թրքական կամ Հայ դատի կնճիռի հանգուցալուծման վաւերական ու միակ բանալին է եղած, եւ է՛ ցարդ:

Այսուհանդերձ, աշխարհաքաղաքական խօլ ու նենգ հաշիւներու պատճառով սեւրեան հայոց երազը կը մնար թուղթի վրայ, պարզապէս որովհետեւ երբեմնի որոշումի կեդրոններու եւ ազգամիջեան լուռ պատերազմները գերադաս էին եւ կը հետապնդէին ազգադաւ բազում ծրագիրներ: Եւ ահա, այդ նոյն ազգերու կողմէ պատրաստուած սեղանին վրայ կը բացուէին գաղութարարի ախորժակներ, Միջագետքի եւ Պաքուի նաֆթին տիրելու գազանային վարքագիծեր եւ ապագայի իրենց հաշիւները ուրուագծելու տրամադրութիւն:

Թէեւ Սեւրի դաշնագիրի իրաւաքաղաքական պահուածքը կը մտնէր ազգերու փոշոտած դարակը, փաստօրէն, անիկա կը շարունակէ մնալ բարբարոս թուրքի գլխին կախուած սուր մը, սպառնալիք մը, որ կրնայ ահաւոր կացութեան մատնել թուրքը:

Արդ, այսօր, ինչպէ՞ս դիտարկել հայ պետականութեան ու քաղաքական մտքին ցուցաբերած շատ անգամ տհաս վարքագիծն ու անտեղի մօտեցումները` Սեւրի դաշնագիրին վերաբերող: Այսպէս ըսած, կրաւորականի եւ հանդուրժողի հայու պահուածքը երբեւէ չէ արդարացուած: Անկախ Հայաստանի երկնակամարին տակ քաղաքական հեռահար հաշուարկներու կարօտը կ՛ապրինք: Քարոզաբոյր խօսքերը պարզապէս բարբաջանքներ են, ուրախացնող պղպջակներ:

Միջազգային դիւանագիտութիւնը, 21-րդ դարուն, դարձած է ազդու զէնք մը, որուն տիրապետելու կոչուած ենք ազգովին:

Հայոց դիւանագիտութիւնը, իր տարբեր դրսեւորումներով, ցարդ կը գտնուի պարզունակ հարթակի վրայ: Հզօր ազգերու դիւանագիտական համակարգերը շատ անգամ կը սասանին ու կը դիմագրաւեն բազմաբնոյթ դժուարութիւններ: Ալ ինչ խօսք փոքր պետութիւններու մասին:

1988-92 թուականին ամբողջ հայութիւնը ցոյց տուաւ ազգային ազատագրական պայքարի իւրայատուկ ոճ եւ կարողականութիւն` վերատիրանալով պապենական հողին` Արցախին, պահեց, պաշտպանեց ու կառուցեց հայրենիքը:

Իսկ այսօր (2020թ.) պարտադրուած թէժ պատերազմի ընթացքին հայութիւնը կորսնցուց Արցախի մեծ մասը եւ յանձնեց չքնաղ Շուշին: Ըստ երեւոյթին, չէինք հասկցած, որ ազգամիջեան դաւադրական ծրագիրներն ու աշխարհաքաղաքական խօլ պայքարները գերադաս կը մնան բոլոր ժամանակներուն, եւ ազգ մը, թէկուզ փոքր քանակով եւ կարողականութեամբ, եթէ երբեք չհաւատայ իր կամքին ու խելքին, չտարուի ներքին պայքարներու յորձանուտին, չկազմակերպուի պետականօրէն եւ չպատրաստուի անորոշ գալիքին, ապա, պիտի ճաշակէ պէս-պէս դառնութիւններու տեսականին:

Արդ, ճիշդ է, որ Սեւրի դաշնագիրի պատմական, քաղաքական ու իրաւական նշանակութիւնը անժամանցելի է, նոյնքան էական է հզօր Հայաստանի մը կայացած, զարգացած, պետականօրէն ինքզինք հաստատած ճշմարտութիւնը:

Ճշմարտութիւն մը, որ կարծես անտես ըրած ենք ազգովին եւ թաթախուած ենք հաճոյախօսական ոլորտներու մէջ, աւելի՛ն. մոռացութեան տուած ենք խորամանկ թուրքին էութիւնը եւ պարապումի վերածած քաղաքական միտք ու աշխատանք ձեւաւորելու հրամայական պահանջը: