Մեր Նպատակը Աւելի Քան Պարզ է՝ Արցախի Հայկական, Անկախ, Անվտանգ ու Արժանապատիւ Ապագան․ Ռուբէն Վարդանեան

Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանը Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է․ «Ես կը հաւատամ, որ նոյնիսկ ամենածանր ճգնաժամերը յաղթահարելի են, եթէ կայ դրուած յստակ նպատակ, եթէ կայ այդ նպատակին […]

Նոյեմբեր 9-ի Համաձայնագիրը Արցախը Չէ Ստորագրած, Արցախը Չէ Յանձնած Ակնան, Քարվաճառն ու Քաշաթաղը, Համաձայնութիւնը Տուած է ՀՀ Ղեկավարը․ Բալայեան

ՀՀ իշխանութիւններուն դիրքորոշումը, անոնց կողմէ առաջ տարուող թեզը, թէ Արցախը պէտք է ուղիղ բանակցի ազրպէյճանի հետ, կեղծ թեզ է։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Արցախը այդ շփումներէն միայն կը տուժէ, կը կորսնցնէ, […]

Համազգայինի Կազմակերպութեամբ Հայաստան Ծառատունկ Ծրագրի Մասին Տեսերիզի Ցուցադրութիւն Գէմպրիճի Մէջ

Կիրակի 5-Մարտ-2023-ի յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին , կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Տաթեւ» մասնաճիւղին, Գէմպրիճի մէջ տեղի ունեցաւ «ԷՅ ԹԻ ՓԻ» ARMENIA TREE PROJECT (Հայաստան Ծառատունկ Ծրագիր) բարեսիրական ընկերութեան գործունէութեան շուրջ համառօտ տեսերիզի ցուցադրութիւն: […]

Թուրքիոյ Ընդդիմադիր Կուսակցութիւններէն Մէկուն Ղեկավարը Յայտարարած է, որ Հիմա Ամենալաւ Պահն է Հայաստանի Վրայ Ճնշում Գործադրելու եւ Հայաստանէն Զիջումներ Ստանալու․ Ռուբէն Սաֆրաստեան (տեսանիւթ)

Ռուսիոյ հետ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը, որ կը վարէր Էրտողանը պիտի փոխուի։ Այստեղ կայ նաեւ անձնական գործօնը, որովհետեւ Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ յարաբերութիւնները բաւական սերտ էին, որ իր ազդեցութիւնը կ՝ունենար նաեւ քաղաքականութեան […]

Միայն Միասնականութեամբ Ի Զօրու Պիտի Ըլլանք Մեր Երկիրը Առաջնորդելու Դէպի Յուսալի, Խաղաղ ու Ապահով Կեանքի․ Գարեգին Բ․

Միայն միասնականութեամբ ի զօրու պիտի ըլլանք յաղթահարելու առկայ ճգնաժամը եւ փորձութիւններու մէջ տարուբերուող մեր երկիրը առաջնորդելու դէպի յուսալի, խաղաղ ու ապահով կեանքի հանգրուաններ։ Այս մասին նշուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ […]

Թշնամին Կրակած է Վերին Շորժայի Ուղղութեամբ. ՊՆ

Մարտ 9-ին, ժամը 17:50-ի սահմաններուն, ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերով կրակած են Վերին Շորժայի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հայկական կողմը կորուստներ չունի: Ժամը 20:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը, առաջնագիծին […]

ազրպէյճանը Պատրաստ է Ռազմական Ճնշում Գործադրելու Իր Նպատակներուն Հասնելու Համար. ԱՄՆ Յատուկ Ծառայութիւններուն Զեկոյցը

ԱՄՆ ազգային անվտանգութեան տնօրէնի գրասենեակը հրապարակած է «Համաշխարհային վտանգներ» զեկոյցը, ուր ի թիւս համաշխարհային տարբեր խնդիրներու, անդրադարձ կայ նաեւ մեր տարածաշրջանին եւ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան: Զեկոյցի այդ հատուածին մէջ, մասնաւորապէս, կը […]

Հայաստանը Կը Շարունակէ Դասուիլ «Մասնակի Ազատ» Երկիրներու շարքին. Freedom House-ը Հրապարակած է «Ազատութիւնը աշխարհի մէջ 2023» Տարեկան Զեկոյցը

Freedom House միջազգային  իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Ազատութիւնը աշխարհի մէջ 2023» տարեկան զեկոյցը: Այս զեկոյցով կը գնահատուի աշխարհի մէջ քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու վիճակը: Զեկոյցին համաձայն՝ Հայաստանի վարկանիշը 2022-ին […]

«Պատժամիջոցներու Ժամանակը Չէ». ԱՄՆ-ն Կը Հրաժարի պաքուի Դէմ Պատժամիջոցներ Կիրառելէ. Հայ Դատի Յանձնախումբի Արձագանգը

Օրերս Հայաստան կը գտնուէր ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ, Հարաւային Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցերով ԱՄՆ Պետական բաժանմունքի աւագ խորհրդական Լուիս (Լու) Պոնոն, որ հայաստանեան լրատուամիջոցներէն մէկուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած […]