5 Կէտի Վրայ ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն 100-300 Մեթր Առաջ Տեղակայուած է. ՀՀ ԱԱԾ

Աշխարհ, Հայաստան

Համաձայն 2022թ. Օգոստոսին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, 2023թ. Ապրիլ 1-էն ԼՂ-ն Հայաստանին կապող Բերձորի (Լաչին) միջանցքը պէտք է աւարտուի Կոռնիձորի կամուրջով: ՀՀ տարածքը Բերձորի միջանցքին կապող երթուղին Ապրիլ 1-էն պիտի անցնի Կոռնիձոր-Տեղ երթուղիով՝ միայն ՀՀ տարածքով: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ԱԱԾ-ն:

2022թ. Օգոստոսէն ետք Բերձորի միջանցքը ՀՀ-ին կապող ճանապարհին մէկ հատուածը՝ Կոռնիձորի կամուրջէն ետք կրկին կ՝անցնէր ազրպէյճանի տարածքով: Ճանապարհի այդ հատուածը իր ամբողջ երկայնքով եւ իր շրջակայ տարածքով կը վերահսկուէր ՌԴ խաղաղապահ ուժերուն կողմէ:

Համաձայն Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ նախօրէին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն՝ երկու երկիրներուն սահմանապահները Մարտի վերջին օրերուն՝ վերոյիշեալ հատուածին երկայնքով պէտք է տեղակայուէին սահմանի երկու կողմերը:

Տեղակայման ընթացքի ի յայտ եկած են քարտէզներու տարընթերցումներ: Որոշ տեղեր ազրպէյճանական կողմը, չսպասելով նախապէս համաձայնեցուած ճշգրտումներուն, սկսած է դիրքաւորուիլ եւ իրականացուցած է ճարտարագիտական աշխատանքներ:

Հայկական կողմին հաշուարկներով կայ հինգ այդպիսի կէտ, ուր ազրպէյճանական կողմը տեղակայուած է սահմանէն 100-300 մեթր աւելի առաջ։ Այժմ ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն, որ երկու կողմերուն քարտէզագիրները ճշգրտեն իրավիճակը:

Հայկական կողմը իրավիճակին կը մօտենայ յարձակում թոյլ չտալու տրամաբանութեամբ:

Խնդրոյ առարկայ հատուածին վրայ ՀՀ բանակը դիրքեր չէ ունեցած, որովհետեւ դիրքեր կը տեղակայուին ոչ թէ սահմանագիծին, այլ մօտակայ ռազմավարական բարձունքներուն վրայ: Իսկ սահմանի այդ հատուածին պահպանութիւնը պէտք է անցներ սահմանապահ զօրքերուն՝ համաձայն վերը յիշատակուած պայմանաւորուածութեան: