Հայաստանը եւ Արցախը Անբաժանելի Միասնութիւն Են. «Միասին» Շարժումը 4 Ապրիլին Կը Հրաւիրէ ԱԺ-ի Մօտ

Հայաստան

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

«Միասին» այլընտրանքային հասարակականքաղաքական շարժումը հայրենիքի համար ծայրագոյն վտանգի այս պահուն կոչ կ՝ընէ միաւորուելու եւ պահանջելու

  • ՀՀ Ազգային ժողովէն՝
  • ճանաչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, որ ան ձեռք բերած է օրինական ճանապարհով, ազրպէյճանին չպատկանող տարածքներու մէջ,
     
  • անյապաղ գործնական քայլեր իրականացնել Արցախի ապաշրջափակման հասնելու համար։
  • Արտաքին եւ ներքին բոլոր ոլորտներուն մէջ ձախողած եւ պատերազմի ընթացքին երկիրը պարտութեան տարած վարչապետի եւ իր խմբակի անյապաղ հեռացումը՝ համաժողովրդական ճնշումով՝ ձեւաւորելով հակաճգնաժամային արհեստավարժ ժամանակաւոր կառավարութիւն։

Եւ ուրեմն՝ միասին կը համախմբուինք 4 Ապրիլին, ժամը 16։00-ին, Ազգային ժողովի մուտքին դիմաց, Բաղրամեան պողոտայ։

Պաշտպանենք մեր պետութիւնը։

«Միասին» շարժման համակարգող խորհուրդ