Արամ Ա․ Կաթողիկոս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Ընտրուեցաւ

Գերմանիոյ Գարլսրուէ քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընտրեց Խորհուրդի նախագահ՝ ներկայացնելով արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները: Այս մասին կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն։ […]

Աղթամարի Մէջ Հանդիսաւոր Ս․ Պատարագ

Վան Քաղաքի Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Խաչի Բարեկենդանի Կիրակիին, 4 Սեպտեմբեր 2022-ին, այս տարի եւս Ս. Պատարագ մատուեցաւ։ Համավարակի պատճառաւ, երկու տարի առանց ժողովուրդի մասնակցութեամբ կատարուած արարողութենէ […]

Ազրպէյճանը Կը Շարունակէ Մշակութային Ցեղասպանութեան Քաղաքականութիւնը. Յայտարարած է Ս․ Համբարձում Եկեղեցին Մզկիթի Վերածելու Նախագիծին Մասին (տեսանիւթ)

Ազրպէյճանը յայտարարած է 2022 Օգոստոսի վերջը Բերձոր քաղաքի եւ Աղաւնօ գիւղի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանումէն ետք Սուրբ Համբարձում եկեղեցին մզկիթի վերածելու նախագիծի մասին։ Նախագիծին համաձայն՝ պիտի քանդուի գմբէթին գագաթը, պիտի […]

Ազրպէյճանի ԶՈւ Ստորաբաժանումները Կրակած են ՀՀ ՊՆ Փոխադրամիջոցի Ուղղութեամբ․ Հայկական Կողմը Կորուստ Չունի.ՊՆ

Ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան ուղղութեամբ կրակած են ՀՀ ՊՆ փոխադրամիջոցի ուղղութեամբ: Հայկական կողմը կորուստ չունի: Այս մասին կը յայտնէ ՊՆ խօսնակ Արամ Թորոսեան: Միաժամանակ, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածած […]

Վանի Աղթամար Կղզիին Մէջ Ամենամեայ Պատարագը Պիտի Մատուցուի Սեպտեմբեր 4-ին

Վանայ լիճի Աղթամար կղզիին մէջ գտնուող Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ ամենամեայ պատարագը այս տարի պիտի մատուցուի Սեպտեմբեր 4-ին։ Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Ժումհուրիյէթ» պարբերականը։ Աղբիւրին համաձայն՝ […]

Մենք Կանգնած Ենք Ձեր Ժողովուրդի Կողքին. ԱՄՆ Քոնկրեսականներու Ուղերձը՝ Արցախի Հանրապետութեան Օրուան Առիթով

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամներ Ֆրէնք Փալոնը, Կաս Պիլիրագիսը, Ճէքի Սփիրը, Տէյւիտ Վալտաոն եւ Ադամ Շիֆը շնորհաւորական ուղերձ յղած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին՝ Արցախի անկախութեան […]

«Հրանդի Ընկերները» Կը Զօրակցին Կարօ Փայլանին

Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թե­նէն ետք դա­տական գոր­ծընթա­ցին բծախնդիր լրջու­թիւնով հե­տեւող եւ այս նիւ­թի շուրջ կա­տարած յայ­տա­րարու­թիւննե­րով հա­սարա­կու­թիւնը իրա­զեկող «Հրան­դի Ըն­կերնե­րը» հար­թա­կը այս ան­գամ ալ յայ­տա­րարու­թիւնով մը կը զօ­րակ­ցի Թուրքիոյ Խորհրդա­րանի հայ […]

Թուրք Անդամներէ Բաղկացած Կազմակերպութեան Յայտարարութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան 31-րդ Տարելիցին Առիթով․ Անուրանալի է Ժողովուրդներու Ինքնորոշման Իրաւունքի Սկզբունքը

Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ գործող «Միութիւն ընդդէմ Ցեղասպանութեան» (Soykırım Karşıtları Derneği) կազմակերպութիւնը, որ յատկապէս բաղկացած է եւրոպաբնակ թուրք ու քիւրտ անդամներէ, յայտարարութիւն տարածած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 31-րդ տարելիցին […]

Հրադադարի Հաստատումէն Ետք Ազրպէյճանի Կողմէ Կատարուած է Աւելի Քան 112 Յանցագործութիւն. Արցախի ՄԻՊ

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը հրապարակած է «2022թ․ Օգոստոսին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու խախտումներու մասին» եռալեզու (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն) արտահերթ զեկոյցը, որ ուղարկուած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն, մարդու […]

Թուրքիոյ Առաջին Հայ Գաւառապետը՝ Բերք Աճար

Հայ Բերք Աճարը ստանձնած է Տենիզլի նահանգի Պապատաղ վարչական շրջանի ղեկավարի (Քայմաքամ) պաշտօնը եւ սկսած է կատարել իր պարտականութիւնները։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։ Թրքական լրատուամիջոցները նախապէս տեղեկացուցած էին, որ […]