Գեղարքունիքի Մէջ Թշնամին Գրաւած է Աջափնեակ Վարչական Շրջանի Տարածքի 5 Չափով Տարածք. Քաղաքագէտ

Uncategorized, Աշխարհ, Հայաստան

Միայն Գեղարքունիքի մէջ թշնամիի ԳՐԱՒԱԾ տարածքը հաւասար է 5 հատ Աջափնեակ վարչական շրջանի տարածքի, իսկ ՀՀ տէ-ֆաքթօ թրքական վարչախումբին պարագլուխը այդ երեւոյթը կը համարէ «հսկողութիւն սահմանել»։

• Ախպրաձորի ուղղութեամբ թշնամին ՀՀ միջազգայնօրէն ճանչցուած համարուող տարածքին վրայ յառաջացած է շուրջ 4.5 քմ՝ հասնելով Խորափոր լերան (2906.5 մ) եւ յայտնուելով Ախպրաձոր բնակավայրէն շուրջ 4.5 քմ հեռաւորութեան վրայ։

• Վերին Շորժայի ուղղութեամբ թշնամին ՀՀ միջազգայնօրէն ճանչցուած համարուող տարածքին վրայ յառաջացած է շուրջ 8 քմ՝ հասնելով Ճերմակաքար (2747.8 մ), Ուխտասար (2851 մ) եւ 2484 մ նիշով անանուն բարձունքներուն եւ յայտնուելով Վերին Շորժա բնակավայրէն շուրջ 700 մ հեռաւորութեան վրայ։

• Նորաբակի ուղղութեամբ թշնամին ՀՀ միջազգայնօրէն ճանչցուած համարուող տարածքին վրայ յառաջացած է շուրջ 7 քմ՝ հասնելով 2338.6 մ նիշով անանուն բարձունքին եւ յայտնուելով Նորաբակ բնակավայրէն շուրջ 2 քմ հեռաւորութեան վրայ։ »

Հայկ Էլբակեան

Քաղաքագէտ