Ինչո՞ւ Կը Յիշենք, Եւ Ի՞նչ Կը Պահանջենք

Խմբագրական «Գանձասար»-ի 20-րդ դարասկիզբին Օսմանեան Կայսրութիւնը պետական որոշումով տեղահան ըրաւ ու ցեղասպանութեան ենթարկեց մէկուկէս միլիոն հայ, զրկեց զայն իր պատմական հայրենիքէն ու  մշակութային, հոգեւոր, նիւթական ժառանգութենէն, զրկեց իր հողին վրայ […]

Իսրայէլի Մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան

Ապրիլ 24 -ին, Փեթախ Թիքվա քաղաքին մէջ, Իսրայէլի մէջ առաջին անգամ ըլլալով, տեղական քաղաքային իշխանութիւններու արտօնութեամբ  կառուցուած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան յուշարձանի կառուցման յանձնախումբէն քանի մը անդամներու կողմէ: […]

Հայ Մասնագէտները «Քորոնա»ի Դէմ Պայքարին Համար Պատրաստած Են Օդը Ժահրերէ Մաքրող Սարքեր

Հայաստան կը շարունակէ ջանքեր գործադրել «Քորոնա» ժահրին դէմ սեփական միջոցներով պայքարելու համար: Այս անգամ Ալիխանեանի անուան ազգային գիտական տարրալուծարանի մասնագէտները պատրաստած են օզոնային 20 շարժակներ, որոնք նախատեսուած են փակ տարածքներու, […]

Խոնարհելով Անգարայի Պահանջներուն Առջեւ` Թրամփ Դարձեալ Չկրցաւ Ցեղասպանութիւն Բառը Գործածել

ՀԱՅ ԴԱՏԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ Հակառակ այն իրողութեան, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը անցեալ տարի ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, նախագահ Տանըլտ Թրամփ յաջորդական չորրորդ տարին ըլլալով չկրցաւ արտասանել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը, […]

Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Իրականացած Արշաւը 5 Միլիոն Կարիքաւորներ Կերակրելու Գումար Հաւաքեց

Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցը ոգեկոչելու նպատակով ի մի եկած գաղութային կազմակերպութիւնները՝ Միացեալ հայերու Լոս Անճելըսի խորհուրդը (UACLA), Միացեալ հայ երիտասարդները (UYA) եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբը (AGC), նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրին […]

«Հայաստան-Սփիւռք Գործակցութիւնը Պէտք Է Յստակ Հունաւորում Եւ Օրակարգ Ունենայ»

Նորին Սրբութեան հետ մեր ունեցած զրոյցին մէկ կարեւոր մասը կազմեց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը։ Այս մասին Վեհափառ Հայրապետը սկսաւ հետեւեալ հաստատումով.- «Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան մասին պէտք չէ խօսիլ, այլ՝ գործակցութեան մասին, որովհետեւ մենք […]

Nayiri.com-ը Թողարկած է Գերմաներէն-Հայերէն Բառարան

“Եռագոյն” կայքը կը տեղեկանայ, որ Nayiri.com-ը ընդառաջելով Գերմանիոյ հայ համայնքին առաջարկին եւ հեղինակին ցանկութեան, այսօր թողարկած է Լեւոն Թորոսեանին «Ընդարձակ Բառարան Գերմաներէնէ-Հայերէն» ծաւալուն աշխատութիւնը, որ լոյս տեսաւ 2018 թուականին՝ Վիեննայի […]