ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ուղերձը` Թաթուլ Կրպէեանի Եւ 4 Զինակիցներու Նահատակութեան Տարելիցին Առիթով

Հայաստան, Սփիւռք

30 Ապրիլը Հայաստանի ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի եւ անոր զինակից ընկերներուն` Սիմոն Աչիկգէօզեանի (Դեդ), Արթուր Կարապետեանի, Վալերի Նազարեանի եւ Զարզանդ Դանիէլեանի նահատակութեան օրն է: Այս առիթով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց հետեւեալ ուղերձը.

«Այս առիթով, եւս մէկ անգամ մեր խոնարհումը բերելով արցախեան ազատագրական պայքարի բոլոր նահատակներու յիշատակին, հարկ կը համարենք շեշտելու Թաթուլ Կրպէեան մարդու եւ գործիչի իւրայատուկ կերպարը եւ դերը մեր նորօրեայ ազատամարտի պատմութեան մէջ: Դժուար է ըսել` էութեամբ մտաւորական, գործով մարտական հրամանատար Թաթուլի դերակատարութիւնը դեռ որքան պիտի մեծնար ու ծանրակշիռ դառնար մեր ազգային կեանքին մէջ, եթէ ճակատագիրը շնորհէր անոր կենսագրութիւնը հարստացնելու հնարաւորութիւնը:

Գիտակցական կեանքի եւ աշխոյժ գործունէութեան ոչ առատ տարիներն ալ, սակայն, բաւական եղան, որ 26 տարեկան նահատակ հայորդին անմահութեան արժանանար իր ժողովուրդի հոգիին եւ գիտակցութեան մէջ: Թաթուլ Կրպէեանը կարելի է համարել իր սերունդի խորհրդանշական կերպար: Հայրենակորուստ գերդաստանի շառաւիղը, լսելով հայոց վերազարթօնքի ղօղանջները, ուսանողական նստարանը փոխարինեց պայքարի ասպարէզին հետ:

Անդամագրուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ ցանկացաւ ըլլալ այնտեղ, ուր կրկին բարձրացուած էր հայրենիքի ազատագրութեան դրօշը: Սիրած պատմական հերոսներուն օրինակով՝ սեփական ճակատագիրը կապեց բռնագրաւուած հայրենիքին հետ եւ դարձաւ Գետաշէն-Մարտունաշէնի ենթաշրջանի ընդհանուր հրամանատարը: Իրականութեան մէջ, սակայն, Թաթուլ Կրպէեանը եղաւ իսկական ժողովրդական առաջնորդ, հայդուկապետ, ինչպէս որ էր իրմէ ոչ հեռու գործող Շահէն Մեղրեանը: Կարճ ժամանակի մէջ ան դարձաւ անվերապահ վստահութիւն վայելող հրամանատար ո՛չ միայն կուսակցութեան, այլեւ տեղի եւ այլ վայրերէ ժամանող մարտական ջոկատներու համար: Թաթուլը անառարկելի հեղինակութիւն դարձաւ ժողովուրդին համար, եւ պատահական չէ, որ զինք կ՝անուանէին ուսուցիչ: Թաթուլ Կրպէեանը կամաւորապէս կեանքը կապեց հայութեան այդ հատուածի ազատութեան, անոր կրթութեան, անոր առօրեայի կազմակերպման բազում այլ խնդիրներու հետ` յանգելով ճակատագրական վճիռի, որ կա՛մ կ’ազատագրէ այդ հողը, կա՛մ կը մեռնի անոր կորուստին հետ: Թաթուլը նահատակուեցաւ` չդաւաճանելով իր ընտրութեան, ինչպէս քիչ հեռու նոյնը պիտի ընէր Շահէնը:

Ազատ եւ հզօր հայրենիքի կերտման գաղափարական հաւատամքով Թաթուլ Կրպէեանը ամենավառ մարմնաւորողներէն էր սերունդի մը, որ ծնածէր ճանապարհ հարթելու հայութեան եւ անոր ապագային առջեւ: Ազգային հերոսի անոր բարձր կոչումը մենք կը գնահատենք իբրեւ իտէալի եւ փառապսակ գործի ամբողջական արժեւորման արգասիք:

Մեր հակասական ժամանակներուն, երբ դարձեալ քննարկման առարկայ կը դառնան ազգային գերակայութիւնները, անվիճարկելի ճշմարտութիւններն ու արժէքները, առաւել քան պահանջուած է Թաթուլ Կրպէեանն եւ անոր նմանները յիշելը, ոգեշնչուիլը անոնց հաւատքով, տեսլականներով եւ այդ տեսլականները իրականութեան վերածելու անբեկանելի կամքով:

Համաճարակի պէս ազգային կեանք թափանցող օտարածին ու ախտաւոր բարքերու ու արժէքներու դիմաց անհրաժեշտ է նորահաս սերունդներուն մատուցանել հերոս հայորդիներու կեանքի ու ինքնանուիրումի դասերը:

Նահատակութեան 29-րդ տարելիցին առիթով՝ յիշելով եւ պատշաճը մատուցելով Թաթուլ Կրպէեանի, Սիմոն Աչիկգէօզեանի (Դեդ), Արթուր Կարապետեանի, Վալերի Նազարեանի եւ Զարզանդ Դանիէլեանի յիշատակին` կ՝ուզենք յիշեցնել բոլորին, ներառեալ՝ պետական պատասխանատուներուն, որ հերոսները ազգային արժէք են, եւ մենք նաեւ անոնց ըստ արժանւոյն յիշելու եւ յիշատակելու պատասխանատւութեան ժառանգորդներն ենք»: