Ճգնաժամի Շահագործման Միտումները (Մայիս Մէկեան Ժամանակակից Խորհուրդը)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Մայիսմէկեան խորհուրդը բնականաբար կը ներառէ համաշխարհային ներկայ ճգնաժամի պայմաններուն մէջ աշխատաւորականութեան դիմագրաւած բազմազան դժուարութիւնները եւ մանաւանդ այդ խաւի առաւել  խոցելիութիւնն ու անորոշութիւնը:

Ըստ էութեան, տակաւին դժուար է հետագայ ճգնաժամի տարողութեան պատկերացումը: Կեանքի բնականոն ընթացքի քայլ առ քայլ վերադարձը արդէն համաշխարհային ընթացքի միտումներ կը դրսեւորէ, եւ բոլոր պետութիւնները համապատասխան ծրագիրներ կը հրապարակեն  տնտեսութեան վերաբացման:

Մայիս մէկը ամէն բանէ առաջ շահագործման դէմ պայքարի խորհրդանիշ թուական է եւ այդ շրջագիծին մէջ աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օր: Պսակաձեւ ժահրի ստեղծած ճգնաժամը քաղաքականօրէն կը շահագործուի: Բախման կէտեր կան ոչ միայն ընդդիմութիւն-իշխանութիւն դասական պայքարի, այլ նաեւ միջպետական յարաբերութիւններու ընկալումով: Եթէ ներքին առումով կառավարելիութիւնը խստօրէն կը քննադատուի, այլ հարթութեան վրայ երկիրներ յաւելեալ մեկուսացումներու կ’ենթարկուին վարակ արտադրելու մեղադրանքներով:

Նոր աշխարհակարգը տակաւին չէ ձեւաւորուած եւ նոր ուրուագծումներուն դիրքաւորման պայքարը տեսանելի է բազմակողմանիօրէն:

Շահագործումը անշուշտ միայն քաղաքական բացատրութիւն չունի: Հիմնովին տնտեսական է, եւ յաւելեալ մեկուսացումները հիմնականին մէջ կը կիրարկուին տնտեսական պատժամիջոցներու տեսքով:

Ներքին իմաստով եւս ճգնաժամը երբեմն տեսք կը ստանայ  շահագործման երեւոյթներու տեսքով: Կրճատումներ, աշխատաւորներու աշխատավարձերու սեղմումներ, գործէ արձակումներ, հաստատութիւններու փակումներ ընդհանուր երեւոյթներ են եկամուտի աղբիւրներու ցամքումի պատճառով կամ որոշ պարագաներու պատրուակով:

Դրամատիրական կարգերու պարագային կ’առաջարկուին գործէ չարձակել պաշտօնեաներ, փոխարէնը մեծածաւալ համեմատաբար քիչ տոկոսով վարկեր վերցնելով: Թուաբանութիւնը այստեղ այնպէս կ’աշխատի, որ գործազուրկներու հսկայական թիւեր չծանրացնեն պետական պիւտճէն: Այլ տեղեր կը պարտադրուին որոշումներ` ներկայ պայմաններուն մէջ եւ որոշ ժամանակի համար գործէ արձակումներու դէմ օրինական արգելքներ: Տարբեր միջավայրերու մէջ մեկուսացումը պարտադիր բնոյթ չի ստանար լուռ ձեւով համոզելով հետեւողը, որ տարեցներու մեծաթիւ մահը կը թեթեւցնէ թոշակներու յատկացուած պետական պիւտճէները: Աշխարհի գերհզօր պետութեան ղեկավարը ամէն գնով տնտեսութեան օր առաջ վերաբացման կոչեր կը հնչեցնէ:

Թիւերը եւ գումարային թուաբանութիւնը գերակայ են մարդու, աշխատաւորի, տարեցի կամ ընդհանրապէս քաղաքացիի կեանքերէն: Եւ հերթական անգամ մարդու կամ քաղաքացիի իրաւունքը կը նոյնանայ աշխատաւորի իրաւունքին հետ` խորհրդանշելով մայիսմէկեան խորհուրդը:

Լիբանանի մէջ համատարած մթնոլորտ է անօթութեան եզրը հատած քաղաքացիին, աշխատաւորին փողոց դուրս գալու եւ վայրագ եղանակներու դիմելու կարելիութեան ալիքի բարձրացումը: Մինչ կառավարութիւնը անվերջ ճիգի մէջ է հակաճգնաժամային ծրագիրներով յաղթահարելու հետզհետէ աւազախրող իրավիճակը:

Յետքորոնա ժամանակահատուածը տարբեր մօտեցումներով կ’ընդգծէ պետական, հասարակական եւ անհատական ներհայեցողութիւնը: Սեփական, ազգային, պետական աղբիւրներու  վստահելու ինքնամղումը հետզհետէ պիտի սկսի գործնական տեսք ստանալ:

Մայիս մէկը շահագործումի եւ իրաւազրկումի երեւոյթներուն դէմ պայքարելու օր է: Իրաւազրկումը տարբեր մակարդակներու վրայ է եւ իբրեւ երեւոյթ` համաշխարհայնացած է, յատկապէս ներկայ ճգնաժամին մէջ:

Մայիս մէկը սակայն մինչեւ ներկայ փուլ չյաջողեցաւ միացնել բոլոր երկիրներու աշխատաւորները: Իրաւազրկումը տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր պայմաններու մէջ պիտի շարունակուի նոր տեսքերով եւ նոր տարողութիւններով: Թէկուզ նոր աշխարհակարգերով: