Արամ Ա. Կապ Հաստատեց Արցախի Նախագահին Հետ

Այսօր երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը կապ հաստատեց Արցախի Հանրապետութեան մեծարգոյ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ: Նորին Սրբութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնելէ ետք ստեղծուած կացութեան՝ իր հայրական օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը փոխանցեց հայոց բանակին:

Տաւուշի Մէջ ՀՀ ԶՈՒ Երեք Զինծառայող Վիրաւորուած է, Անոնց Կեանքին Վտանգ Չի Սպառնար․ ՊՆ Խօսնակ

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին հակառակորդին կիրառած զէնքերէն երեք զինծառայող վիրաւորուած է․ Այս մասին Tert.am-ին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան: «Թեթեւ բեկորային վնասուածքներ են, անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար», […]

Ատրպէյճան 7 Արկ Արձակած է Չինարի Գիւղի Ուղղութեամբ

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտնած է, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը 82մմ տրամաչափի ականանետէն եօթ արկ արձակած են Չինարի բնակավայրի ուղղութեամբ: Տուժածներ չկան, վնասուած է բնակելի տուներէն մէկուն տանիքը, […]

Հալէպ- Ասիկա Կեա՞նք է

Մանուէլ Քէշիշեան  Ճշմարտութիւնը որքան ալ դառն ըլլայ, չի դադրիր ճշմարտութիւն ըլլալէ: Ճշմարտութիւնը ըսելը որքան ալ դժուար ըլլայ, աւելի լաւ ըսելը քան լռելը… Հետս լսեցէ՛ք ուսուցիչի մը պատմածը, կամ ինքնիրեն խօսածը. […]

ՀԱՊԿ գլխաւոր Քարտուղարը Հայ-ատրպէյճանական Սահմանին Տիրող Իրավիճակի Առնչութեամբ Կառոյցի Մշտական Խորհուրդի Արտահերթ Նիստ Նախաձեռնած է

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուած իրավիճակին պատճառով ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս Յուլիս 13-ին ՀԱՊԿ Մշտական խորհուրդի արտահերթ նիստ նախաձեռնած է: Այս մասին ՝ըստ «Արցախփրես»-ի, կը տեղեկացնէ կառոյցի կայքը: Աւլի առաջ՝ Յուլիս […]

Մնացականեան ու Լաւրով Քննարկած են Սահմանի Լարուած Իրավիճակը

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեան ու Սերգէյ Լաւրով այսօր քննարկած են լարուած իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ այն յաղթահարելու ուղիները: Արտաքին գործող նախարարութենէն կը հաղորդեն, որ Մնացականեան բացարձակ […]

Պոլսոյ Մէջ Աճուրդի Հանուած է Արա Կիւլերի 40-է Աւելի Աշխատանք

Պոլսոյ մէջ աճուրդի հանուած է պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի 46 լուսանկար: Այս մասին, tert.am-ի փոխանցմամբ, կը տեղեկացնէ «Անատոլու» գործակալութիւնը: Ամենամեծ պահանջարկը ունեցած  է 1950 թուականին կատարուած «Առաւօտեան արեւի առաջին շողերու հետ […]