Սին Ափսոսանքներ Ընդդէմ Անպատժելիութեան… Վարժ Թուրքիոյ Նախագահի Արժէքներու Աւերին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մարք Յարութիւնեան

Հանդուրժողութիւնը երբեք չէ մղած քաղացիական պատերազմի, անհանդուրժողութիւնը երկիրը ողողած է արիւնով»…
Վոլթէր

Բաւարարելով իր ազգայնական եւ կրօնական մոլեռանդութիւնը, Թուրքիոյ նախագահը օրինականացուց Պոլսոյ քրիստոնէական տաճար Սուրբ Սոֆիան մզկիթի վերածելու իր ցանկութիւնը:
Հաւատացեալներու համար աղօթատեղի կառուցել մեղանչում չէ, այլամերժութեամբ ուրիշի աղօթատեղին յափշտակել եւ իւրացնել մեղանչում է: Այս բարոյական սկզբունք է, պէտք է ըլլայ, խիղճի ազատութեան եւ հանդուրժողութեան համար:
Կրօնական մոլեռանդութեան եւ թրքական ծաւալապաշտութեան բացորոշ դրսեւորում, որ արհամարհանք է միջազգային եւ քաղաքակիրթ աշխարհին հանդէպ: Մարտահրաւէր՝ թափ տալու համար յոռեգոյն ամբոխահաճութեան (populism): 1453էն ի վեր տեւող նախնականութեան եւ անտառի օրէնքի հակաքաղաքակրթական ընթացք մը, որուն անտարբերութեամբ եւ վատութեամբ մեղսակից եղած են եւ են աշխարհի միւս ժողովուրդները:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը ափսոսանք յայտնած է: Պիտի չզարմանամ, եթէ վաղը ուրիշներ ալ, կարծէք պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու համար, ափսոսանք յայտնեն: Զբօս-ժամանցի քաղաքակրթութեան մէջ իրենք զիրենք երջանկացնող քաղաքացիներ պիտի շարունակեն Անթալիա երթալ եւ ծովափին հանգստանալ, երկիրներ պիտի շարունակեն առեւտուր ընել, պետութիւններ հրասայլեր, ռազմական օդանաւներ եւ հրթիռներ ծախել: Այսինքն, պատմութիւն, իրաւունք եւ արժէքներ պիտի ծալեն եւ վրան նստին, բայց Միացեալ Ազգերու Ընդհանուր Ժողովին ամպիոնէն հոգեզմայլ ճառեր պիտի փսխեն:
Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, որ տաճարը «պիտի յանձնուի կրօնական հարցերու տնօրէնութեան», Տիյանէթի, «եւ բաց պիտի ըլլայ աղօթքի համար»: Ի հարկէ իսլամական աղօթքի համար, քանի որ նախագահ Էրտողան խիղճի ազատութեան եւ կրօններու համակեցութեան օրակարգ չունի: Եւ ասպարէզ կը կարդայ աշխարհին, աշխարհի մեծերուն եւ հզօր իրաւարարներուն: Կրօնական ազդակը չարաշահելով, ան կը ձգտի դառնալ աշխարհակալ կայսր:
Ինչո՞ւ քրիստոնեաներու կառուցած տաճարը բաց պիտի չըլլայ տաճարը իրենց հոգեւոր պէտքերու բաւարարման համար կառուցած քրիստոնեաներուն առջեւ:
Հարցումին պատասխանող պիտի ըլլա՞յ:
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հովանիին տակ ստեղծուած եւ գործող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն կրթութեան, գիտութեան եւ շակոյթի համար), եւ անոր անդամ երկիրները պիտի հակազդե՞ն այս հոգեբարոյական վանտալիզմին, որ կ’ոտնակոխէ նոյնինքն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համամարդկային եւ մշակութային արժէքները:
Ափսոսանք արտայայտել ո՛չ մարդկային է, ո՛չ քաղաքական, ո՛չ մշակութային եւ ո՛չ ալ արդար: Ընդհակառակն, դատարկաբանութիւն է, որ այս պարագային համարժէք է քաջալերանքի:
Կոստանդնուպոլիսը մայրաքաղաքն էր Բիւզանդիոնի: Հոն, Զ դարուն կառուցուած Ս. Սոֆիա տաճարին մէջ տեղի կ’ունենային Բիւզանդիոնի կայսրերու թագադրութիւնները: Ներխուժած բանակի գրաւումէն ետք, Կոստանդնուպոլիսը դարձաւ Իսթանպուլ եւ Ս. Սոֆիա տաճարը դարձաւ մզկիթ: Թուրքիոյ տիրակալ Մուսթաֆա Քեմալ, 1934ին, եկեղեցին վերածեց թանգարանի: Եւ ան դարձաւ զբօսաշրջութեան հասութաբեր հասցէ:
Ուղղափառներու պատմական եկեղեցին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի դասուած է համաշխարհային ժառանգութեան մաս: Ուղղղափառ տիեզերական պատրիարքը մնալով հանդերձ Պոլիս, տէր չէ Ս. Սոֆիա տաճարին, այս իրաւազրկման ցարդ ո՛չ մէկ պետութիւն եւ ո՛չ մէկ միջազգային կազմակերպութիւն փորձած է լուծում փնտռել եւ գտնել: Եւ բնական է, որ Թուրքիոյ նախագահը յանդգնութիւն ունենայ քրիստոնէական տաճարը մզկիթի վերածելու:
Բազմաթիւ ուղղափառ երկիրներ, ինչպէս Ռուսիան եւ Յունաստանը, բայց նաեւ ուրիշներ, ինչպէս Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան յայտարարեցին, որ դէմ էին Ս. Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու Թուրքիոյ նախագահի ցանկութեան: Բայց մոլեռանդ կրօնամոլ Էրտողան, միշտ ապաւինելով անպատժելիութեան սովորութեան, ետ չէ կանգնած իր որոշումէն:
Աթէնք այս որոշումը համարած է «գրգռութիւն քաղաքակիրթ աշխարհին ուղղուած», իսկ ռուս ուղղափառ եկեղեցին մտահոգութիւն յայտնած է, որ միլիոնաւոր քրիստոնեաներու հանդէպ խուլ եղած է թուրք արդարադատութիւնը, եւ մշակոյթի նախարար Լինա Մէնտոնի, հաղորդագրութեամբ մը կ’ըսէ, որ Թուրքիոյ նախագահի այս քայլը, երկիրը վեց դար ետ կը տանի:
Ափսոսանք, խօսքեր: Յետո՞յ:
Յայտարարութիւններ՝ լուռ մնացած չըլլալու համար:
Կարսի Ս. Առաքելոց եկեղեցին մզկիթի վերածուած է, ո՞վ կը յիշէ, ո՞վ ափսոսանք կը յայտնէ: Այնթապի եկեղեցին մզկիթի վերածուած է, ո՞վ տեղեակ է: Եւ ուրիշներ: Ո՞վ անհանգստացած է եւ անհանգստացուցած:
Հիմա ինչո՞ւ կը զարմանան:
Նման պատմական եւ մշակութային ծանրակշիռ ազգայնամոլ-կրօնամոլ համամարդկային մշակոյթի դէմ գործուած նախայարձակումը (agression) խիղճ հանդարտեցնելու կոչուած քաղաքավարական, հոգեպարար խօսքէ աւելին կը պահանջէ:
Քաոլաներու եւ փանտաներու պաշտպանութեամբ յուզուող աշխարհը ինչպէ՞ս կրնայ լուռ մնալ, թաքնուիլ դիւանագիտական ճապկումներու ետին: Աշխարհի ժողովուրդները, մեծերը եւ պզտիկները, լուռ ու ձեռնածալ մնալով, սանձարձակութեան այս նախատինքին դիմաց, իրենց արաժանաւորութենէն եւ պատիւէն բան մը կը կորսնցնեն, ի յառաջագունէ ընդունելով, որ տեղի պիտի տան, երբ նման աղէտ իրենց դրան առջեւ նստի:
ՄԱԿ եւ ԻՒՆԵՍՔՕ եթէ լուռ մնան, գլուխ ծռեն, ընդունած կ’ըլլան, որ անտառի օրէնքը դեռ ի զօրու է, իրենք ընելիք չունին, եւ կրնան փակել իրենց դահլիճներու եւ գրասենեակներուն դռները:
Ոչ թէ պէտք է ափսոսալ, այլ՝ ամչնալ, կամ համամարդկային արժէքներու պաշտպանութեան համար ճակատաբաց հակազդել:
Մտածողները որոշողներ չեն, ճշմարիտ արդարութեան ախոյեանները՝ երկչոտ շահախնդիրներ:
Այս՝ ռէալ փոլիթիք է, որ այսօր կը թարգմանուի՝ մէկ քայլ ետ, ապա կրկին մէկ քայլ ետք, բայց մինչեւ ե՞րբ եւ մինչեւ ո՞ւր…
Եթէ մտածեն եւ մտածենք Վոլթէրի հետ, որ կ’ըսէ, թէ «հանդուրժողութիւնը երբեք չէ մղած քաղաքացիական պատերազմի, անհանդուրժողութիւնը երկիրը ողողած է արիւնով»…
Թուրքիոյ նախագահը ամբոխը սիրաշահելու ճապկումներու փոխարէն, եթէ Վոլթէր կարդայ, մոլեռանդութեան ծաւալապաշտութեան զսպաշապիկէն դուրս կու գայ: Այդ կ’ըլլայ բարիք Թուրքիոյ եւ աշխարհի համար:
Սուլթանական Էրտողան Վոլթէր պիտի չկարդայ: Իսկ այսպէս կոչուած ազատ աշխարհի եւ համամարդկային արժէքներու պաշտպանները պիտի շարունակե՞ն բերանաբաց սպասել, որ Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնի:
Տնարգելութենէ դուրս գալու եւ արձակուրդի մեկնելու այս օրերուն անհանգստացնող հարցերու մասին պէտք չէ խօսիլ:
Բայց պէտք է գիտնալ նաեւ, որ մտավախութիւն յայտնել կամ ափսոսալ քաղաքականութիւն չեն: