Հայ-ատրպէյճանական Պետական Սահմանագօտիին Վրայ Յարաբերական Անդորր Է

Աշխարհ, Հայաստան

Հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածին վրայ, ժամը 00:15-էն մինչ այս պահը կը պահպանուի յարաբերական անդորր։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանի Facebook-ի էջին կատարուած գրառումէն։

Գիշերուան ընթացքին հրետանային միջոցներ չեն կիրառուած։

Ստեփանեան նաեւ կը հաղորդէ, թէ երէկ գիշեր, ժամը 22:20-23:00-ի սահմաններուն, հայկական ԶՈւ ստորաբաժանումները խոցած են հակառակորդի երկու հարուածային ԱԹՍ, որոնց բեկորները ինկած են միջդիրքային տարածքին վրայ։