Միջազգային Կառոյցներն Ու Պետութիւնները` Հայ-ատրպէյճանական Նոր Բախումներուն Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

«Ամերիկայի Ձայն»-ը հետեւած է, թէ ինչպէս արձագանգած են միջազգային կառոյցներն ու պետութիւնները հայ-ատրպէյճանական սահմանին ծաւալող վերջին իրադարձութիւններուն:

Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջեւ սահմանին մարտական գործողութիւններուն առնչութեամբ մտահոգութեամբ եւ կողմերուն զսպուածութեան ու կրակի դադրեցման կոչով հանդէս եկած են Գրեմլի մէջ: «ԵՌԱԳՈՅՆ»

«Կողմերուն զսպուածութեան եւ հրադադարի ծիրէն ներս իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները պահպանելու կոչ կ՝ընենք»,- ռուսաստանեան «Նովըսթի» լրատուական գործակալութեան փոխանցումով՝ յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսգովը:

«Ռուսիան պատրաստ է միջնորդական ջանքեր գործադրելու կարգաւորման ուղղութեամբ՝ ըլլալով Մինսկի խումբի համանախագահ»,- ըսած է Վլատիմիր Փութինի խօսնակը: «ԵՌԱԳՈՅՆ»

Նախօրէին, նոյն բովանդակութեամբ հանդէս եկած է նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Թուրքիան իր ողջ կարողութեամբ պիտի շարունակէ աջակցիլ եղբայրական Ատրպէյճանին»,- յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը՝ թրքական բանակի բարձրագոյն հրամանատարութեան հետ տեսա-խորհրդաժողովի ժամանակ:

Աքար ըսած է,- «Մենք պիտի շարունակենք ըլլալ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողքին՝ ընդդէմ Լեռնային Ղարաբաղը ապօրինաբար գրաւած եւ տարիներ շարունակ յարձակողական մօտեցում դրսեւորող Հայաստանի: Մենք պիտի առաջնորդուինք «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» սկզբունքով»,- ըսած է ան։

Ինչպէս ՀԱՊԿ-ի յայտարարութեան մէջ ըսուած է, այս կազմակերպութեան քարտուղարութիւնը լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի սրման առնչութեամբ: «ԵՌԱԳՈՅՆ»

«Ստեղծուած իրավիճակը չի նպաստեր երկու հարեւան երկիրներու սահմանին իրավիճակի կարգաւորման»,- կը նշէ քարտուղարութիւնը` կոչ ընելով ՀԱՊԿ-ի պատասխանատւութեան գօտիին վրայ հրադադարի անյապաղ վերականգնում:

Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդը, ՀԱՊԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդը, իրենց յայտարարութիւններուն մէջ կոչ ըրած են կողմերուն լուծելու իրավիճակը բացառապէս խաղաղ միջոցներով եւ զերծ մնալու սադրիչ գործողութիւններէ՝ լարուածութեան սրումը կանխելու համար: «ԵՌԱԳՈՅՆ»

«Հայաստանի քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած յարձակողական գործողութիւնները պիտի ստանան իրենց համարժէք պատասխանը»,- յայտարարած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղդալեան:

«Ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ իր յարձակողական գործողութիւնները հայ-ատրպէյճանական սահմանին՝ դիտաւորեալ կերպով թիրախաւորելով քաղաքացիական ենթակառուցուածքներն ու բնակչութիւնը եւ ընդլայնելով լարուածութեան աշխարհագրութիւնը: Այսօր հարուածային ԱԹՍ-ի միջոցով հրետակոծման ենթարկուած են Բերդ քաղաքի քաղաքացիական ենթակառուցուածքի կեդրոնները»,- ըսուած է ԱԳՆ խօսնակի մեկնաբանութեան մէջ:

«ՀՀ քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած այս յարձակողական գործողութիւնները պիտի ստանան իրենց համարժէք պատասխանը, որուն ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ ատրպէյճանական կողմը»,- ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ յայտարարած է Աննա Նաղդալեան:

Իսկ պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Շուշան Ստեփանեան, իր Facebook-ի էջին վրայ գրած է,- «ՀՀ ԶՈւ ստորաբաժանումները կ՝ոչնչացնեն Տաւուշի սահմանամերձ բնակավայրերը հրետակոծած ատրպէյճանական հենակէտերը»:

Ինչպէս ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան խոսնակ Մորկըն Օրթակուսը ըսած է,- «Միացեալ Նահանգները խստագոյն կերպով կը դատապարտէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջազգային սահմանին առկայ բռնութիւնները»: Ան աւելցուցած է, ըսելով,- «Կը հորդորենք կողմերը անմիջապէս դադրեցնելու ուժի կիրառումը, օգտագործել իրարու միջեւ գոյութիւն ունեցող հաղորդակցութեան ուղղակի միջոցները՝ խուսափելու համար իրադրութեան յետագայ սրումէն, եւ խստօրէն պահպանելու հրադադարը»:

Օրթակուսը այս մասին գրած է Պետական բաժանմունքի պաշտօնական կայքէջին մէջ:

Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Տեմեթրիս Սիլուրիսը յայտնած է, որ անհանգստացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող բախումներով: Այս մասին խորհրդարանի նախագահը գրած է Twitter-ի իր էջին վրայ: «ԵՌԱԳՈՅՆ»

«Անհանգստացած ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տեղի ունեցող զարգացումներով եւ նոր բախումներով: Մենք կը սատարենք հայ ժողովուրդին եւ յոյսով ենք, որ հակամարտութիւնը պիտի կարգաւորուի բացառապէս խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով«»,- գրած է Սիլուրիսը:

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկելու ու յետագայ լարումը կանխելու կոչով հանդէս եկած է նաեւ ՆԱԹՕ-ն: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Աբադուրայը: «ԵՌԱԳՈՅՆ»

«Մենք մտահոգութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի զարգացումներուն, որոնց ընթացքին կ՝օգտագործուին ծանր զինատեսակներ եւ կը զոհուին մարդիկ: Մենք կը միանանք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու կոչին՝ ուղղուած բոլոր կողմերուն ՝ անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկելու յետագայ լարումը կանխելու համար»,- գրած է Աբադուրայը:

Սպանիոյ Քոնկրէսի պատգամաւոր Ճոն Ինյառիդուն, անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական սահմանին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած գործողութիւններուն, նշած է, որ բավ է բռնութեան ու սադրանքին: Այս մասին պատգամաւորը գրած է Twitter-ի իր էջին վրայ:

«Մինչ աշխարհը կոչ կ՝ընէ երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու, Ատրպէյճանը կը նախընտրէ յարձակիլ Հայաստանի վրայ: Բաւ է բռնութեան ու սադրանքին»,- գրած է պատգամաւորը:

Պելառուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս կը դատապարտէ սկսած ռազմական գործողութիւնները: Հրապարակած յայտարարութեամբ նախարարութիւնը կը նշէ, որ բոլոր հակամարտութիւնները պէտք է լուծուին բացառապէս խաղաղ ճանապարհով: